Հայ Դատը Ալիեւը զսպելու համացանցային արշաւի կը դիմէ

By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014

 

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանա-կան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համացանցային գլխաւոր ընկերային ցանցերու վրայ նախաձեռնած է «#STOPALIYEV» արշաւին:

Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայութեան՝ աշխուժօրէն մասնակցելու արշաւին եւ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան եւ անկախութեան վերջնական եւ արդարացի ամրապնդման:

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յարձակումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ, ամենավատերէն են վերջին քսան տարիներուն ընթացքին: Անոնք տասնեակ կեանքեր խլած են եւ կը սպառնան նոր պատերազմի սկսիլ», նշուած է Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ:
Կոչ կ՛ըլլայ նաեւ նամակներ յղելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ յորդորելով զանոնք, որ անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն՝ կասեցնելու համար Կովկասի մէջ նոր պատերազմ հրահրելու Ալիեւի արարքները: Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի «Թուիթըր»ի հասցէն է՝ @AmbJamesWarlick։

 


comments