ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Օգոստոս 5ի գիշերը, «Էն.Թի.Վի» ու «Սթար» կայաններուն կողմէ միասնաբար կազմակերպուած հարցազրոյցի մը մասնակցեցաւ։ Յայտագիրը կը կոչուէր «Թեկնածուները կը խօսին»։
Վարչապետ Էրտողան կը պատասխանէր երկրին համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու առնչուած հարցումներու։ Բայց միջոց մը, երբ ընդդիմադիրներու կողմէ իրեն դէմ եղած թշնամական արտայայտութիւններուն մասին կը խօսէր, ան ունեցաւ արտայայտութիւն մը, որ իր ստուերը թողուց ամբողջ հարցազրոյցին վրայ, եւ Չորեքշաբթի օր մամուլին կողմէ ներկայացուեցաւ որպէս «հայերու նկատմամբ ատելութեան արտայայտութիւն»։
Վարչապետը ըսաւ. «Ինծի համար վրացի ըսին. կը ներէ՛ք, ատկէ ալ աւելի գէշը՝ ինծի հայ ըսին»։
Էրտողանին այս արտայայտութիւնը իսկապէս շատ ցնցիչ էր եւ նախ կը վիրաւորէր վրացիները, քանի որ այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ վրացի նկատուիլը նուաստացուցիչ է։ Բայց անոր յաջորդած տողը առաւելի ծանր էր հայերուն համար, որովհետեւ վարչապետը ըսել կ՛ուզէր, որ վրացի նկատուիլը թէեւ գէշ է, բայց հայ նկատուիլը անկէ՛ աւելի գէշ է։
Կարելի չէ չզարմանալ բեմերու վրայէն խօսողներու այս անխոհեմ արտայայտութիւններէն, որոնք պատճառ կը դառնան, որ որոշ զանգուածներ դժգոհ մնան անոնցմէ։ Բայց հարցն այն է, որ թերեւս այդ որոշ զանգուածներէն շատ աւելի լայն ուրիշ զանգուածներ ալ, իրենց կարգին՝ գոհ կը մնան այդ արտայայտութիւններէն ու բարենիշ կու տան անոր։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը հաղորդեց, որ երկիրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (CHP) կը պատրաստուի համապատասխան հայցով դիմելու դատարան՝ ընդդէմ Էրդողանի այս յայտարարութեան:
Կուսակցութեան պատգամաւոր Հուրշիթ Կիւնեշ, անդրադառնալով Էրտողանի արտայայտութիւններուն՝ ըսած է. «Փաստօրէն, ըստ Քրէական օրէնսգիրքին եւ սահմանադրութեան՝ վարչապետը ատելութեան արտայայտութեան յանցանք գործած է: Եղածը թշնամանքի արտայայտութիւն է»։ Ան Չորեքշաբթի օր իսկ դատախազութեան հայց ներկայացուց՝ Էրտողանը պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով:
Հուրշիթ Կիւնեշէն ետք, Էրտողանի խօսքերուն արձագանգեց նաեւ մէկ այլ ընդդիմադիր գործիչ՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Եըլտըրըմ Թիւրքեշ: Ան խստօրէն քննադատած է վարչապետի նշեալ արտայայտութիւնը եւ հարցուցած. «Արդեօք հայ ըլլալը յանցա՞նք է»:
«Հայ ըլլալը յանցանք, մեղք, վատ ու արատաւոր բան մը չէ», նշած է Թիւրքեշ՝ ընդգծելով, որ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ վարչապետին խտրական վերաբերումը դատապարտելի է, կը հաղորդէ «Մեմլեքեթ» կայքը։