«Պատերազմը չէ աւարտած, այլ միայն անոր առաջին հանգրուանն է». Ալիեւ

By Asbarez | Thursday, 07 August 2014

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին միջոցով յայտարարութիւններ կատարած է։


7 Օգոստոսին ան էջին վրայ տեղադրած է 57 արձանագրութիւն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին Ղարաբաղի հակամարտութեան: Անոնց մէջ Ալիեւ նաեւ գովաբանած է Պաքուն եւ բարձր գնահատած երկրի պաշտպանական համակարգը:

«Պատերազմը չէ աւարտած, այլ միայն անոր առաջին հանգրուանն է ասիկա, իսկ երկրորդ հանգրուանը կրնայ սկսիլ», գրած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Այլ արձանագրութեամբ մը ան հայերը բարբարոսներ եւ քանդիչներ անուանած է՝ պնդելով, թէ անոնք գետնին հաւասարեցուցած են Աղդամը, իսկ իրենք կը վերականգնեն այդ քաղաքը:

Ալիեւ նաեւ գրած է, թէ իրենք ունին հզօր ռազմական ներուժ, սակայն Ատրպէյճանի մեծագոյն ուժը իր զինուորներուն քաջութիւնը եւ հայրենասիրութիւնն է:


comments

Advertisement