Հայկական ուժերը Արցախի մէջ անօդաչու սարք (Drone) վար առած են

By Asbarez | Thursday, 07 August 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոսոտս 7ին, հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ անդրադարձան այն մասին, որ Արցախի հիւսիս-արեւելեան շրջանի գիւղերէն մէկուն բնակիչներուն փոխանցմամբ՝ հայկական ուժերը չէզոքացուցած ու վար առած են ատրպէյճանական բանակին պատկանող անօդաչու թռչող սարք (drone) մը, որ ինկած է հակամարտ զօրքերու դիրքերուն միջեւ՝ չէզոք գօտիին մէջ: Ներկայիս հայկական կողմը աշխատանք կը տանի սարքը գտնելու ուղղութեամբ:


Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ գրասենեակը ցարդ ո՛չ հերքած է, ո՛չ ալ հաստատած է այս տեղեկութիւնը:

Նշենք, որ ատրպէյճանական բանակը իր անօդաչու սարքերը գնած է Իսրայէլէն: 2011ի Սեպտեմբեր 12ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հակօդային ստորաբաժանումները վար առին իսրայէլեան արտադրութեան Hermes 450 անօդաչու սարք, որ փորձ կը կատարէր հայկական դիրքերը նկարել:


comments

Advertisement