By Asbarez | Thursday, 07 August 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 7 Օգոստոսէն 8 Օգոստոս լուսցող գիշերը ատրպէյճանական կողմը շարունակած է կրակել հայ-ատրպէյճանական սահմաններուն ուղղութեամբ. կրակոցները արձակուած են պետական սահմանագօտիի տարբեր հատուածներուն մէջ: Հակառակորդը օգտագործած է հրաձգային, նաեւ մեծ տրամաչափի զինատեսակներ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական նախարարութիւնները:
Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին համաձայն՝ վերջին օրուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի ողջ երկարութեամբ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 400 անգամ, հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 8 հազար կրակոց:
Պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է կասեցնել հակառակորդին աշխոյժութիւնը: Հայկական կողմէն զոհեր չկան, կայ մէկ վիրաւոր՝ 19ամեայ զինուոր Վիկտոր Շուբերտի Աբրաամովը, որ անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը ծանր կայուն է։
Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուցած է, որ հայ սահմանապահները սահմանագիծի ողջ երկայնքով կը շարունակեն վերահսկել սահմանային իրավիճակին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ 7 Օգոստոսի գիշերը ատրպէյճանցիները կրակած են ո՛չ միայն հայ սահմանապահներուն, այլ նաեւ Տաւուշի մարզի երկու տասնեակ գիւղերուն ուղղութեամբ. զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 40 անգամ, արձակուած է աւելի քան 546 կրակոց: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հայկական զինուած ուժերը շատ ճշգրիտ կերպով կը հետեւին զինադադարի դրութեան պահպանման:
«Հակառակորդը շարունակել է ակտիւօրէն կրակել, խախտել հրադադարի ռեժիմն՝ ամենատարբեր տրամաչափի զինատեսակներով: Ընդհանուր լարումը պահպանւում է, հակառակորդի դիպուկ կրակոցներին հայկական զինուած ուժերը պատասխանել են: Հակառակորդը կրակել է ինչպէս դիրքերի, այնպէս էլ գիւղերի ուղղութեամբ: Մենք, հիմնականում, պատասխանել ենք դիրքերի ուղղութեամբ: Այս պահին իրավիճակը լիովին վերահսկւում է, Հայաստանի սահմաններին զոհեր եւ վիրաւորներ չեն եղել», յայտնած է Յովհաննիսեան:
Հայկական կողմին համաձայն՝ 28 Յուլիսէն ի վեր իրավիճակի սրման իբրեւ հետեւանք հայկական կողմը տուած է վեց զոհ, ատրպէյճանական կողմը մօտ 8 անգամ աւելի:
Այնուհանդերձ, 7 Օգոստոսին առաջին գիծ այցելելէ ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, թէ ատրպէյճանական կողմը հայերուն համարժէք պատասխան տուած է, եւ այսօր ատրպէյճանական բանակը պատրաստ է Ղարաբաղի մէջ ոչնչացնելու որեւէ բան:
Արծրուն Յովհաննիսեան այս մասին ըսած է. «Գնահատականներ, կոնկրետ բնորոշիչներ, չեմ ուզում տալ, միայն ասեմ, որ ցանկալի է, որ ադրբեջանական հանրոյթը մի փոքր իմանար՝ ինչ է ճշմարտութիւնը, եւ այդ կեղծիքի շրջապտոյտի մէջ չմնար: Ըստ էութեան, այդ կեղծիքի շրջապտոյտը տանում է դէպի կործանում»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ