Ուիլսըն «Կովկասեան Գարուն» Կը Նախատեսէ

By Asbarez | Thursday, 29 September 2011

ՊՈԼԻՍ.- «Հապերթիւրք» օրաթերթը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին կը հաղորդէ, որ Ատլանտեան խորհուրդի եւրո-ասիական կեդրոնի ղեկավար եւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռոս Ուիլսըն յայտնած է. «Կովկասեան տարածաշրջանին հետ կապուած՝ մենք լուրջ մտահոգութիւններ ունինք»։

«Ընդհանուր առմամբ, կովկասեան տարածաշրջանը խնդրայարոյց է: Վրաստանի մէջ լուրջ յաջողութիւններ արձանագրուած են ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու, տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելու եւ զեղծարարութիւնը արմատախիլ ընելու հարցերուն մէջ։

Սակայն ամբողջ տարածքին հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան։ Ատրպէյճան ուժանիւթի բնագաւառին մէջ յառաջընթաց արձանագրած է, սակայն ունի ներքին բազմաթիւ խնդիրներ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանին՝ անոր ալ փայլուն ապագայ չի սպասեր», ըսած է Ուիլսըն՝ նշելով, որ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները չլուծուելու պարագային, «Կովկասեան գարուն» մը կրնայ սկսիլ, «Արաբական գարնան» օրինակով։

comments