By Asbarez | Thursday, 07 August 2014

«Պիրկիւն»ի էջը-Էրտողան՝ ծաղրանկարիչ Սեֆեր Սելվի ակնոցով: Ծաղրանկարի գրութիւնը. «Հրեայի վիժուածք... Ալաուի ես, զազա ես... Ներեցէ՛ք, բայց ինծի աւելի գէշն ալ ըսած են՝ հայ անուանած են...»
ՊԱՂԸՇ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ
Իշխող կուսակցութեան գործօն անդամներէն՝ Եւրոմիութեան մօտ Թուրքիոյ նախկին ներկայացուցիչ Էկեմեն Պաղըշ, Օգոստոս 6ին հանդիպում մը ունեցաւ հայ համայնքէն քանի մը կարկառուն դէմքերու հետ եւ իր տեսակէտները պարզեց վերջին անցուդարձերուն եւ մանաւանդ՝ վարչապետին խնդրայարոյց արտայայտութեան մասին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, «Գարակէօզեան»ի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ, Օրթագիւղի խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինօղլու, «Սեւ» հմինարկէն Հայկ Ասլանեան, Գնալըի թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Ֆերիգիւղի թաղային խորհուրդի Բ. ատենապետ Որդիք Փափազեան եւ ուրիշներ։
Պաղըշ թուեց, թէ վարչապետ Էրտողանի պաշտօնավարութեան շրջանին ի՛նչ դրական քայեր առնուած են հայերու եւ այլ փոքրամասնութեանց համար։ «Աղթամարի եկեղեցիէն դարձեալ արարողութեան ձայն բարձրանալու սկսաւ, Սումէլայէն եւս արարողութեան ձայն բարձրացաւ։ Այս պետութիւնը 2 միլիառ եուրօ արժողութեամբ կալուած վերադարձուց փոքրամասնութիւններուն», կրկնեց ան։
Պաղըշ ցաւ յայտնեց, որ վարչապետին արտասանած նախադասութիւնը կը խեղաթիւրուի ու սխալ կը հասկցուի։ Ան ջանաց բացատրել, թէ վարչապետին կողմէ «ամէնէն գէշը» որակումը հայերու մասին չէր, այլ իրեն թշնամութիւն ընողներու հասցէին գործածուած որակում էր։ «Իրականութեան մէջ, վարչապետը շատ լաւ կը ճանչնայ հայերը ու կը սիրէ զանոնք», ըսաւ Պաղըշ եւ նշեց, որ վարչապետը գիտէ, թէ հայ համայնքը միշտ կանգնեցաւ անոր կողքին։
Պաղըշ ապա պատասխանեց ուղղուած զանազան հարցումներու։
Պետրոս Շիրինօղլու ըսաւ, որ անցեալին ուրիշներ եւս հայերու դէմ նախատական յայտարարութիւններ կատարած են, իսկ Տիգրան Կիւլմեզկիլ յիշեցուց, որ ամբողջ խնամակալութիւն մը պաշտօնազուրկ եղած էր, պարզապէս դպրոցին կողքին արտաքնոց մը կառուցած ըլլալուն համար, մինչդեռ հիմա 40 յարկանի շէնքի կառուցման արտօնութիւն տրուած է։
Հանդիպումը շարունակուեցաւ օգտաշատ խորհրդակցութեանց մթնոլորտին մէջ։
Այս մասին «Մարմարա» կը գրէ. «Էկեմեն Պաղըշի յիշեցումները անհերքելի ճշմարտութիւններու վրայ հիմնուած են. այդ մասին կասկած չկայ։ Բայց որքա՛ն լաւ կ՛ըլլար, որ վարչապետ Էրտողան, որ Ապրիլ 23ին կրցած էր 1915ի զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնել, անձամբ բացատրութիւն մը տար, չքմեղանք մը յայտնէր եւ բացատրէր, թէ իր խօսքը սխալ հասկցուած է, կամ՝ թէ իր ըսել ուզածը սխալ կերպով արտայայտած է հեռատեսիլի կայանին հետ կայացած կենդանի հարցազրոյցին ընթացքին»։
ԱՅԼ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Պիրկիւն» թերթը լոյս տեսած է Թուրքիոյ վարչապետը լաւագոյնս բնութագրող առաջին էջով մը, որուն խորագիրն է՝ «Շատ Ներողութիւն, Ֆաշի՛ստ»:
«Ուաշինկթըն Փոս»չ եւս անդրադարձած է Էրտողանի հայատեաց յայտարարութեան։ Անոր մէջ Էտըմ Թէյլըր գրած է. «Հայ ըլլալլը ստորութի՞ւն է: Թուրքիոյ վարչապետը այդպէս կը կարծէ»՝ քննատադելով հայերուն ուղղուած բացայայտ վիրաւորանքը: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ 70 հազար հայերը Կ՛ապրին վախի մթնոլորտի մէջ։
Իր կարգին, «Հիւրրիյէթ»ի յօդուածագիր Մեհմետ Եըլմազ Օգոստոս 7ի իր սիւնակը յատկացուցած է այս նիւթին։ Ան յիշեցուցած է, որ վարչապետը 2011ին եւս հայերու եւ յոյներու մասին խօսելու ընթացքին՝ «կը ներէք» ըսած էր յոյն բառը գործածելուն համար։ Եըլմազ եզրակացուցած է, որ երեք տարի տարբերութեամբ այս երկու արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, թէ լեզուական մոլորում մը չկայ, այլ՝ յստա՛կ մտայնութիւն մը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ