Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան բարբարոսութիւն կը նկատէ գերիի սպանութիւնը

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Տիգրան Մկրտչեան միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է դատապարտելու ատրպէյճանական հակամարդկային գործելակերպը: Առաջին դէպքը չէ, որ սահմանը անցած հայ գիւղացիները զոհ կ՛երթան Ատրպէյճանի բարբարոսութեանց, յայտնած է Մկրտչեան:

Յիշեցնենք, որ 2010 Սեպտեմբեր 11ին Գեղարքունիքի մարզի Թթուջուր գիւղի բնակիչ քսանամեայ Մանուէլ Սարիբէկեանը գերեվարուած էր. Հոկտեմբերի 5ին յայտնի դարձաւ, որ ան մահացած է բանտին մէջ՝ Պաքու: Սարիբէկեանի դիակը Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնուած էր Նոյեմբեր 4ին՝ փոխարէնը Ատրպէյճանին յանձնուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի Էլտար Թաղիեւը: Հայաստանի մէջ կատարուած բժշկական հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Սարիբէկեանը ենթարկուած է կտտանքներու:

Իսկ 2014ի Յունուար 28ին Վերին Կարմիր աղբիւր գիւղի բնակիչ 77ամեայ Մամիկոն Խոջոյեանը դոյլը ձեռքին հատած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանն ու գերեվարուած: Ատրպէյճանական կողմը ծերունին յայտարարեց լրտես-ահաբեկիչ:

Խոջոյեանը հայկական կողմին յանձնուեցաւ Մարտ 4ին. մարմինին եւ դէմքին կային բազմաթիւ վնասուածքներ: Բանտին մէջ գերութեան շրջանին իրեն նոյնիսկ պէնզին ներարկած են: Մամիկոն Խոջոյեանը չկրցաւ ապաքինիլ եւ Մայիս 20ին կնքեց իր մահկանացուն:

 


comments