Հարիրի Լիբանան վերադարձաւ

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուրբաթ, Օգոստոս 8ին, եռամեայ բացա-կայութենէ ետք, անակնկալօրէն վերադարձաւ Պէյրութ եւ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ դնելու մարտահրաւէրը:


Արդարեւ, մէկ օր առաջ Արսալ գիւղաքաղաքէն նահանջած «Ճապհաթ Նուսրա»ն յայտարարեց, թէ Արսալի մէջ գերեվարուած լիբանանցի զինուորներուն ազատ արձակման փոխարէն, Լիբանանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ լիբանանեան բանտերուն մէջ մնացող առնուազն 20 իսլամական զինեալներու ազատ արձակումը։
Զինեալներուն հետ բանակցած Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը հաստատեց, որ զինուորները ողջ-առողջ են, առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու:
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յայտնեց, որ Արսալ դատարկուած է զինեալներէն՝ շեշտելով, որ իրենք պիտի մնան Արսալի մէջ եւ հետապնդեն զինուորները ազատ արձակելու մանրամասնութիւնները:

Լիբանանեան բանակը իր դիրքերը պահեց Արսալի շրջակայքը եւ անոր մուտքին:

Լիբանանի կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրի ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնք կառավարութիւնը տեղեակ պահեցին երկիրի ապահովական վիճակէն, ինչպէս նաեւ՝ Արսալի մէջ զինուորական իրավիճակին մասին:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ գերեվարուած զինուորները փոխադրուած են դէպի Արսալի բարձունքները:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը կարողութիւն եւ բաւարար զինամթերք ունի դէմ դնելու ահաբեկիչներուն։

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ներքին ապահովութեան ուժերուն կամաւորագրուողներու թիւը 4000ով բարձրացնել, պետական անվտանգութեան կամաւորներու թիւը՝ 500ով, իսկ ընդհանուր ապահովութեան հսկիչներու եւ երկրորդ աստիճանի քննիչներու թիւերը 500ով: Ժրէյժ աւելցուց, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ լիբանանեան բանակի շարքերուն մէջ 5000 զինուոր եւ 369 սպայ կամաւորագրել։
Վարչապետ Սալամ դրուատեց բանակի դերակատարութիւնը՝ հաստատելով լիբանանցիներու միասնականութիւնը բանակին զօրակցութեան առումով:

Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանի իշխանին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները ու յատկապէս Արսալի զարգացումները:


comments

Advertisement