Ամերիկեան օդուժը սկսաւ ռմբակոծելու Իրաքի ծայրայեղական դիրքերը

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Օգոստոս 8ին, ամերիկեան օդուժը սկսաւ ռմբակոծելու դէպի Իրաքի քրտական շրջաններ յառաջացող իսլամ ծայրայեղական զինելաներու դիրքերը, միաժամանակ՝ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելով Սինճարի լեռնային շրջաններուն մէջ մէկուսացուած տասնեակ հազարաւոր եզիտիներուն։


Մէկ օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ ամերիկեան օդուժին արտօնութիւն տուած է Իրաքի մէջ ծայրայեղական զինեալները հարուածելու, պաշտպանելու համար ամերիկեան շահերը, Արպիլի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանը ու Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ եզիտիներու հաւանական ցեղասպանութեան ու բոլոր այլ փոքրամասնութեանց հալածանքին առաջքը առնելու նպատակով։

Հինգշաբթի օր, Իրաքի քրիստոնեաներուն գրեթէ քառորդը փախուստի դիմած է, երբ քրտական ուժերը գիշերը նահանջած էին եւ Իսլամական պետութեան զինեալները գրաւած Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող Քարաքօշ քաղաքը, որ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակուած է: Քարաքօշի մէջ փեշմերկաներու հրամանատարը քաղաքի եպիսկոպոսին տեղեկացուցած է, թէ պարտաւոր են լքել իրենց դիրքերը:

Նինուէ նահանգը Պաղտատէն 400 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի, եւ հոն կ՛ապրին կրօնական փոքրամասնութեանց մեծաթիւ անդամներ: Ըստ «Ֆրաթերնիթէ ան Իրաք» քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութեան, որուն կեդրոնատեղին Փարիզ կը գտնուի, Նինուէի բնակչութեան մեծամասնութիւնը իր բնակարաններէն հեռացած է: Կը կարծուի նաեւ, որ անոնցմէ շուրջ հարիւր հազարը ուղղուած է քրտական շրջաններ:

Քարաքօշի մէջ ականատեսներ յայտնեցին, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալները եկեղեցիներէն վար կ՛առնեն խաչերը եւ կրօնական ձեռագիրները կը հրկիզեն: Իրաքի մէջ քաղդիացիներու Լուիս Սաքօ պատրիարքը հաստատեց այդ լուրը՝ նշելով, որ զինեալները պատմական արժէք ունեցող 1500 ձեռագիրներ հրկիզած են:
Միւս կողմէ, փեշմերկաները յայտարարեցին, որ Մուսուլի Սինճար շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննած են Իսլամական պետութեան «պաշտպանութեան նախարար» Ապու Օմար Շիշանին, որուն բուն անունը Թարխան Փաթիրիշվիլի է:



comments

Advertisement