Իպոլա համաճարակը՝ համաշխարհային վտանգ

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկօրեայ քննարկումներէ ետք, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 8ին յայտարարեց, թէ Արեւմտեան Ափրիկէն հարուածած Իպոլայի համաճարակը համաշխարհային առողջապահութեան սպառնացող վտանգ մըն է՝ աւելցնելով, որ զայն զսպելու համար պէտք է անյապաղ եւ համակարգուած քայլեր առնուին։

Համաճարակը սկսած է այս տարուան Փետրուարին, Կինէի մէջ, իսկ հետագային ժահրը տարածուած է դրացի Սիերա Լիոնի եւ Լիպերիոյ մէջ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ ժահրը արդէն 932 զոհ խլած է, իսկ ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է վարակումի 1711 դէպք:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Չորեքշաբթի օր, ափրիկեան երկիրներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումէ մը ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները շրջան պիտի ուղարկեն բժիշկներու խումբեր, որպէսզի անոնք պայքարին վտանգաւոր ժահրին դէմ:


comments

Advertisement