Հայաստանի Եզիտիները կը խնդրեն օժանդակել Իրաքի Եզիտիներուն

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ընդունած է եզիտիական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Հայաստանի եզիտիներու ներկայացուցիչները փոխնախարար Քոչարեանին ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնը՝ Իրաքի մէջ իսլամական ծայրայեղականներու հետապնդումներուն իբրեւ հետեւանք տասնեակ հազարաւոր եզիտիներուն դիմագրաւած դժուար վիճակին եւ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին առնչուած:
Փոխնախարար Քոչարեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը կիսեն եզիտիներու համայնքի մտահոգութիւնները, նշած է, որ միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ Հայաստանը պիտի շարունակէ բարձրաձնել թէ՛ Իրաքի, եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուող բռնութիւններուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով պիտի օգտագործէ իր բոլոր կարելիութիւնները։
Հայաստանի մէջ եզիտիներու համայնքը նոյն խնդրանքով դիմած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին: Բաց նամակին մէջ նշուած է, որ վերջին օրերուն «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական հանրապետութեան» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները յարձակում գործած են Իրաքի եզիտիաբնակ Շանկալ մարզին վրայ, եւ իբրեւ հետեւանք այդ բնակավայրերը լքած են աւելի քան 200 հազար խաղաղ բնակիչներ:
«Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սինճար եզիտիներու ազգային միաւորման պատասխանատու Պորիս Մուրազի ըսած է, որ 8 Օգոստոսին իրենք Իրաքի մէջ եզիտի համայնքին դիմագրաւած դժուար իրավիճակին համար բողոքի ցոյց կատարած են կառավարութեան շէնքին դիմաց եւ խնդրած, որ Հայաստան միջոցներու ձեռնարկէ՝ եզիտիներուն օգնելու համար։ Բողոքի ցոյց կատարաուած է նաեւ Երեւանի մէջ Իրաքի դեսպանատան առջեւ:
Ան յիշած է, որ այս առնչութեամբ անոնք նաեւ նամակներ յանձնած են հայաստանեան իշխանաւորներուն։ Պորիս Մուրազի դիտել տուած է, որ Իրաքի մէջ կ՛ապրի աւելի քան մէկուկէս միլիոն եզիտի, սակայն այն մարզին մէջ, ուր կատարուած է զինեալ յարձակում, կ՛ապրի 380 հազարէ աւելի եզիտի:

comments

Advertisement