Արեւելքի Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը վտանգի փողեր հնչեցուցին

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով, Հինգշաբթի, Օգոստոս 7ին, Տիմանի (մարոնիներու պատրիարքարան) մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանի եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան սպառնացող վտանգներն ու Իրաքը քրիստոնէաթափ շրջանի մը վերածելու արարքը:
Վեհաժողովին ներկայ էր նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ խօսք առաւ ներկայ պատրիարքներուն առջեւ։

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանութիւններն ու բռնաճնշումները՝ շեշտելով, որ Մուսուլի եւ Նինուէի մէջ քրիստոնեաներու հալածանքը խստիւ մերժելի է եւ պահանջուածը այն է, որ Իրաք դարձեալ վերադառնայ իր նախկին դիմագիծին, այսինքն՝ Իրաքի քրիստոնեաները վերադառնան իրենց բնակարանները, իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ֆինանսաւորման վերջ տրուի:

Վեհաժողովէն ետք, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ հոգեւոր պետերը միջազգային ընտանիքէն պահանջոցին՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ընդմէջէն տալու որոշում մը, որուն հիման վրայ քրիստոնեայ իրաւատէրերը վերադառնան իրենց բնակարանները:

Հոգեւոր պետերը պահանջեցին ահաբեկիչները ուղղակի կամ անուղղակի ֆինանսաւորող երկիրներէն եւ պետութիւններէն վերջ տալ իրենց արարքներուն, որովհետեւ կրօնական ծայրայեղութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բոլորին վրայ:

Հոգեւոր պետերը խստիւ դատապարտեցին նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդ եպիսկոպոսներու թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումը: Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ Սուրիոյ դէմ պատերազմին կասեցումը՝ անհրաժեշտ նկատելով քաղաքական լուծումները:

Լիբանանեան առումով, պատրիարքները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին՝ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով, եւ այս իմաստով անոնք գնահատեցին լիբանանցիներու միասնականութիւնը։

Վեհաժողովին ընթացքին, շեշտուեցաւ հաւատադրժողական այս խմբաւորումներուն նկատմամբ թուլութիւն չցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը դատապարտեցին Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը՝ պահանջելով լուծել պաղեստինեան դատը եւ ապահովել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ ապահովել արաբական հողերէն (Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան) իսրայէլեան ուժերու հեռացումը:

 


comments