Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ 12րդ նախագահը ընտրուեցաւ

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը Կիրակի, Օգոստոս 10ի երեկոյեան յայտարարեց, որ նոյն օրը տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեանց նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ընտրուած է նախագահ:


Էրտողան ապահոված է քուէներուն 51.95 առ հարիւրը, մինչ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու միացեալ թեկնածու Էքմելետտին Իհսանօղլու՝ 38.34 առ հարիւրը, իսկ քիւրտ քաղաքագէտ Սալահետտին Տեմիրթաշ՝ 9.71 առ հարիւրը:

Առաջին անգամ ըլլալով է, որ նախագահը ուղղակի ժողովուրդին կողմէ կ՛ընտրուէր։ Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74.4 առ հարիւր էր, ինչ որ ակնկալուածէն նուազ էր:

Էրտողան յաղթանակի ճար մը արտասանելով՝ ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր ազգին ծառայել՝ աւելի լաւ ժողովրդավարութեան մը հասնելու եւ (քրտական հարցի) լուծման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար»: Զանազան խմբաւորումներու խօսք ուղղելու ընթացքին, ան յիշեց հրեաները, յոյներն ու հայերը, բայց ըսաւ, որ բոլոր խմբաւորումներէն առաջ կայ՝ «թուրքիացի»ն։ Ան կոչ ըրաւ, որ «զուգահեռ պետութեան» կողմնակիցները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց քաղաքականութիւնը։
Էրտողանի կողքին յաղթանակ մը ապահովեց նաեւ Տեմիրթաշ, որ այս ընտրապայքարին ընթացքին քրտական ինքնութիւնը առաջին գիծի վրայ դնելով՝ կրցաւ ակնկալուածէն աւելի բարձր համեմատութեամբ քուէ ստանալ։ Ըստ նախնական տուեալներուն՝ միայն քիւրտերը չեն, որոնք քուէարկած են անոր ի նպաստ։

Միւս կողմէ, Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները ծանր որակումներով յարձակեցան ընտրութեան արդիւնքին վրայ, քննադատութիւններ ըրին Էրտողանի հասցէին՝ պնդելով, որ ան երբե՛ք պիտի չկարենայ ըլլալ ամբողջ ժողովուրդին նախագահը։
Էրտողան արդէն իսկ անցած է երկիրի յաջորդ վարչապետը նշանակելու գործին։


comments