Սոչիի մէջ՝ Սարգսեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպում

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 

ՍՈՉԻ.- Կիրակի, 10 Օգոստոսին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան իբրեւ հետեւանք հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող խնդիրները:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ նշած է. «Ես կը փափաքիմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ մէջ ձեզ հետ հանդիպելու կարելիութեան համար: Մենք երէկ կարելիութիւն ունեցանք խօսելու երկկողմ յարաբերութիւններու մասին ե՛ւ Հայաստանի նախագահին, ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ: Երեկոյեան նաեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցանք: Անշուշտ, փառք Աստուծոյ, մենք երէկ երեկոյեան չանդրադարձանք գործնական բնոյթի հարցերու, սակայն, այնուամենայնիւ, իրարու հետ տարբեր նիւթերով խօսելու կարելիութիւն կար: Իմ կարծիքով, ատիկա յատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէ, որպէսզի բացէ ի բաց խօսինք դժուարագոյն, ծանրագոյն հարցերու մասին՝ շրջանային լուծման հետ առնչուած:
«Բնականաբար, գոյութիւն ունին այդ խնդիրներու լուծման, ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջազգային ձեւաչափեր, եւ, անկասկած, մենք յարգանքով կը վերաբերինք այդ բոլոր միջազգային ձեւաչափերուն եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ մեր գործընկերներուն հետ: Սակայն մեկնելով անկէ, որ մեր մօտ ամէն պարագայի իւրայատուկ, առանձնայատուկ սերտ յարաբերութիւններ կան, այնպիսի խոր նախապատմութիւն կայ, որ թոյլ կու տայ բացէ ի բաց միտքեր փոխանակելու, թէ ո՛ւր կը գտնուինք եւ ի՛նչ պէտք է ընել, որպէսզի յառաջ շարժինք անցեալէն մեզի հասած այդ խնդիրներուն լուծման ուղղութեամբ: Ամէն պարագայի, ինծի կը թուի, որ ատիկա օգտակար է: Ամէն պարագայի օգտակար է: Եւ ես շատ ուրախ եմ այսօր ձեզի հետ հանդիպելու եւ բոլոր այդ նիւթերով խօսելու կարելիութեան համար: Եթէ յատուկ բան ունիք աւելցնելու՝ խնդրեմ»:

 

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱԼԻԵՒԻՆ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ. «ՄԱԿԻ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԷՆ
Ո՞Ր ՄԷԿ ԿԷՏԸ ԿԱՏԱՐԱԾ Է
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ»

Փութինի խօսքէն ետք Ալիեւ ըսած է. «Շնորհակալ եմ, Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի: Շնորհակալ եմ այդ հարցին մէջ ձեր վերաբերմունքին համար: Ինչպէս մենք երէկ քննարկեցինք, այդ հարցը կը պահանջէ իր լուծումը, անիկա չափազանց երկար ձգձգուեցաւ: Յոյսով եմ, որ ձեր անձնական մասնակցութիւնը այդ հոլովոյթին մէջ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ բանակցային հոլովոյթին: Ինչպէս դուք նշեցիք, արդէն գոյութիւն ունի բանակցութիւններու ձեւաչափը: Գոյութիւն ունի նաեւ տագնապներու լուծման իրաւական հիմք: ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է չորս բանաձեւ, որոնք կը պահանջեն անվերապահօրէն եւ անյապաղ Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական բռնագրաւող ուժերու դուրս բերում: Ցաւօք, արդէն անցած է աւելի քան քսան տարի, այդ բանաձեւերը մնացած են թուղթի վրայ: Մինսկի խմբակը՝ ի դէմս իր համանախագահներուն, կ՛աշխատի, կը փորձէ մօտեցնել կողմերը, սակայն ատիկա այդքան ալ լաւ չ՛ընթանար: Ուստի, ես կը գտնեմ, որ Ռուսիան՝ իբրեւ մեր մտերիմ բարեկամ, գործընկեր եւ դրացի, ունի, անշուշտ, իւրայատուկ դեր լուծման հոլովոյթին մէջ: Յոյսով ենք, որ մօտակայ ժամանակին բանակցութիւններու ուղիով, խաղաղ ճամբով մենք պիտի գտնենք լուծում, որ պիտի համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ պիտի համապատասխանէ արդարութեան»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է. «Շնորհակալութիւն Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի ե՛ւ ձեր ջանքերուն, ե՛ւ ձեր ժամանակին համար՝ այս բարդ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին ուշադրութիւն յատկացնելու համար: Մենք՝ անձամբ հայկական կողմը, ատիկա շատ բարձր կը գնահատենք: Մենք կը նկատենք, որ իրապէս, հարցը կարելի է լուծել, պէտք է լուծել փոխզիջումի այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք առաջարկած են մեզի Մինսկի խմբակի համանախագահները:
«Ատրպէյճանական կողմը մշ-տապէս կը վկայակոչէ ՄԱԿի չորս բանաձեւերը, սակայն այսպիսի հռետորական հարց պարոն Ալիեւին՝ այդ բանաձեւերէն ո՞ր կէտը կատարած է Ատրպէյճանը: Այդ բանաձեւերուն կէտերը գործադրած է միայն Հայաստանը, որ օգտագործած է իր ազդեցութիւնը, որպէսզի դադրեցուին զինուորական գործողութիւնները: Եթէ մենք վերադառնանք 90ական թուականներու սկիզբներու իրադարձութիւններուն, ապա ես կը կարծեմ, որ մէկ կողմէ լաւ պիտի ըլլայ, միւս կողմէ ալ կրնայ որոշ տեղ ձգձգուիլ: Լաւ պիտի ըլլայ այն առումով, որ մենք այն ժամանակ եկանք այն եզրակացութեան, որ ղարաբաղեան հարցը զինուորական լուծում չունի, իսկ եթէ մենք նորէն մեղադրենք զիրար, ես կը կարծեմ, որ բաւական երկար ժամանակ այդ հարցը պիտի չլուծուի: Ես շնորհակալ եմ ձեզի, որ դուք տրամադրուած էք հարցին լուծման, եւ այդ հարցին լուծումը կը բխի Հայաստանի ազգային շահերէն»:
Փութին ըսած է. «Ես հաճոյքով կ՛արձանագրե՛մ, որ Ատրպէյճանի նախագահը ուշադրութիւն դարձուց հարցին խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ դուք, այժմ ատոր մասին ըսիք: Ատիկա, իրականութեան մէջ, ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ չկայ աւելի ողբերգական բան, քան մարդոց մահը: Պէտք է, այնուամենայնիւ, մեկնելով անկէ, որ հակամարտային իրավիճակը ձեւաւորուած է շատոնց, մեզի հասած է անցեալէն, մեզի հասած է, կարելի է ըսել եւ պէտք է ըսել, իբրեւ Խորհրդային Միութեան ժառանգութիւն, եւ մենք պէտք է դրսեւորենք համբերատարութիւն, խոհեմութիւն, յարգանք իրարու նկատմամբ, որպէսզի այդ լուծումը գտնենք: Անկասկած, իւրաքանչիւր բարդ իրավիճակ կրնայ լուծուիլ, եթէ կայ բարի կամքի դրսեւորում: Ես կը կարծեմ, որ այդպիսի բարի կամք ե՛ւ ատրպէյճանցի ժողովուրդին, ե՛ւ հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր 19 Նոյեմբեր 2013ին Վիեննայի մէջ՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ:

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ
ՏԱԳՆԱՊԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՝ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ». ԼԱՒՐՈՎ

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խոչընդոտ պիտի չհանդիսանայ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցութեան:
«Հայաստանը Մաքսային միութիւն կը մտնէ՝ իբրեւ Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որեւէ կապ չունի անոր անդամակցութեան հետ, որուն մասին բազմիցս յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը», ըսած է Լաւրով:
Gazeta.ru կը հաղորդէ, թէ Լաւրով ըսած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած են հարցի խաղաղ լուծման իրենց պատրաստակամութիւնը, հակառակ անոր, որ ամէնէն բարդ հարցերը տակաւին լուծուած չեն:

ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նախագահ Սարգսեանի Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Փութինի հետ անոր երկկողմանի հանդիպումը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներուն ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Երկու նախագահները մասնաւորաբար անդրադարձած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու, մասնաւորաբար՝ ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման խնդիրին: Փութին ողջունած է նախագահ Սարգսեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած հրաւէրը ընդունելու եւ Սոչի այցելելու համար:
«Կարիք չկայ բնութագրելու հայ-ռուսական յարաբերութիւնները. անոնք կը կրեն բացառապէս բարեկամական, ռազմավարական բնոյթ, որուն մասին կը խօսին նաեւ Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու Հայաստանի, Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին որոշումները: Աշխատանք կը տարուի, եւ ես պիտի փափաքէի ձեզ տեղեկացնել այն մասին, թէ այդ ուղղութեամբ ներկայ պահուս անիկա ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի:
«Սակայն անշուշտ, մենք նաեւ երկկողմ օրակարգի շատ հարցեր ունինք, որոնց մասին մենք այսօր, անկասկած, պիտի խօսինք, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ կան աւելի մանրամասն քննարկելու ղարաբաղեան հարցի լուծման հետ կապուած խնդիրները: Ուստի մեր օրակարգը շատ մեծ եւ յագեցած է», ըսած է Փութին:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահին՝ այս հանդիպումին նպատակով Սոչի այցելելու հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած. «Մեր վերջին հանդիպումէն անցած է երեք ամիս եւ մեր կարգ մը համաձայնութիւններու արդիւնքները ամփոփելու անհրաժեշտութիւն կայ: Բացի մեր երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգէն, ես նոյնպէս պիտի փափաքէի քննարկել այլ հարցեր՝ կապուած համարկման հոլովոյթներու հետ, աւելի ճիշդ՝ կապուած Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու համաձայնագիրին հետ:
«Անշուշտ, մեզ կը մտահոգէ Ուքրանիոյ իրավիճակը: Եթէ դուք անհրաժեշտ կը նկատէք, Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի, տեղեկացուցէք մեզ այն միջոցառումներուն մասին, որոնք կը ձեռնարկէ Ռուսիան, իսկ ես իմ կարգիս մանրամասնօրէն ձեզի պիտի տեղեկացնեմ մեր շրջանին մէջ իրավիճակին մասին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի կանխամտածուած շիկացման պատճառներուն մասին»:
Քրեմլինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փութին 7 Օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Պելոռուսի եւ Ղազախստանի նախագահներուն հետ: Պելոռուսի նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այլ հարցերու կողքին՝ «պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան եւ անոր ընդարձակման վերաբերող հարցեր»: «Հաստատուած է այն դիրքորոշումը, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը պէտք չէ տեղի ունենայ՝ ի վնաս Մաքսային միութեան շահերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Ղազախստանի նախագահի կայքին, Փութին եւ Նուրսուլթան
Նազարպայեւ քննարկած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահի «յառաջիկայ» հանդիպումները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ՝ «կողմերուն դիրքորոշումները մօտեցնելու նպատակով»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը 7 Օգոստոսին հաստատած էր Հայաստանի՝ Եւրասիական միութեան անդամակցութեան համաձայնագիրը, որ ստորագրման համար պիտի ներկայացուի Փութինի: Ռուսիայէն բացի, համաձայնագիրը պէտք է ստորագրեն նաեւ Ղազախստանն ու Պելոռուսը:

ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ նաեւ Ալիեւի հետ Փութինի երկկողմ հանդիպումը: «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը զարգանան աճման կարգով, երկիրներուն միջեւ կ՛ամրապնդուի վստահութիւնը:
«Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան՝ աճման կարգով: Մենք պարբերաբար կը պահպանենք կապերը մեր մակարդակով, կառավարութիւններու մակարդակով, կը զարգանան տնտեսական, մարդասիրական կապերը եւ այն, ինչ որ երբեք չէ եղած, աշխուժօրէն կը համագործակցինք կարգ մը այլ ուղղութիւններով: Ատիկա վստահութեան մասնիկ է, որ անընդհատ երկկողմ կապերուն մէջ կ՛ամրապնդուի», ըսած է Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը առաջարկած է նաեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկել «ցաւալի հինցած խնդիրները», որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:
Ալիեւ իր կարգին նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ կը ձեւաւորուի կայուն բազմամեայ դրական շարժում:
«Մենք Ռուսիոյ կը նայինք իբրեւ միջազգային ասպարէզին մէջ մեր հիմնական գործընկերներէն մէկը: Մենք վճռորոշ կերպով տրամադրուած ենք՝ համագործակցութեան կարողականութիւնը աւելցնելու հարցին մէջ», նշած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Ան եւս համամտութիւն արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քննարկման, տագնապ, որ ըստ անոր, չափազանց երկար ձգձգուած է եւ լուծում կը պահանջէ:
Նշենք, որ նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւ Շաբաթ օր Փութինի հրաւէրով ներկայ գտնուած են «Փլաթֆորմա Ս-70» մարտական սամպոյի տարեկան միջազգային մրցաշարքին:


comments

Advertisement