Փութինի մասնակցութիւնը կրնայ նոր թափ տալ բանակցութեանց. Ալիեւ

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման մասին խօսելով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կարեւոր նկատած է Ռուսիոյ դերը՝ Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Պատասխանելով ռուսական «Իթար Թասս» լրատու գործակալութեան հարցումին՝ Ալիեւ նշած է, որ հակամարտութիւնը շատ երկար ժամանակ է որ կը ձգձգուի, եւ յոյս յայտնած է, որ Փութինի մասնակցութիւնը նոր թափ կու տայ բանակցային գործընթացին:

«Գոյութիւն ունի բանակցութիւններու ձեւաչափ: Գոյութիւն ունի նաեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման իրաւական հիմք: ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը վաւերացուցած է 4 բանաձեւեր, որոնք կը պահանջեն Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական ուժերու անյապաղ հեռացումը: Անցած է աւելի քան 20 տարի, իսկ այդ բանաձեւերը կը մնան թուղթի վրայ: Մինսկի խումբը կ՛աշխատի, կը փորձէ մերձեցնել կողմերը, բայց այդքան ալ լաւ արդիւնք չի կրնար ապահովել: Ուստի, կը կարծեմ, որ Ռուսիան՝ իբրեւ մեր ջերմ բարեկամը, գործընկերը եւ դրացին, ունի իւրայատուկ դեր՝ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Կը յուսանք, որ մօտակայ ժամանակներուն, բանակցութիւններու ուղիով ու խաղաղ ճանապարհով, մենք կը գտնենք լուծում մը, որ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ՝ արդարութեան», ըսած է ան:

 

comments

Advertisement