ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի նամակը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոսին նամակ յղեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներուն՝ վերջին շրջանին սահմանային գօտիին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող զինուորական գործողութիւններուն առիթով:

Սոյն նամակին պատճէնները հասցէագրուած են նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերին, Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտին եւ ԵԱՀԿին նախագահող Տիտիէ Պուրքհալթերին։

«Վերջին շրջանին, Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումներն ու գնդակոծումները՝ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գօտիին վրայ, ինչպէս նաեւ կրակ բանալը Միջազգային Կարմիր Խաչի Երեւանի գրասենեակի պատուիրակութեան անդամներուն վրայ, կրնան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու յանգեցնել ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այս իրողութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մշտական ռազմատենչ յայտարարութիւններուն վրայ՝ հայութեան եւ Հայաստանի հանդէպ», կը գրէ Կարապետեան իր նամակին մէջ:

«Պահն է այժմ դիմելու գործնական քայլերու եւ Ատրպէյճանին՝ որպէս Ալիեւի վարչախումբի պատանդ դարձած երկրի, զերծ պահելու անկանխատեսելի հետեւանքներով նոր պատերազմ սկսելէ: Կոչ կ՛ընենք միջազգային բոլոր համապատասխան կազմակերպութիւններուն գործնական խիստ միջոցներով ազդելու Ատրպէյճանի վրայ, նախքան Ալիեւի դիմելը բոլորին համար վտանգաւոր, կործանարար քայլերու», այսպէս կ՛եզրափակէ իր նամակը Գասպար Կարապետեան:

 


comments

Advertisement