Ազերիներու հակահայ ցոյցը Սպիտակ Տան առջեւ

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 


ՊԱՔՈՒ, «Քոնթաքթ».- Ամերիկացի ատրպէյճանցիներ անցած շաբաթավերջին Սպիտակ տան առջեւ ցոյց մը կատարած են՝ Հայաստանի դէմ բողոքելու համար, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած վերջին բախումներուն կապակցութեամբ։

Ցոյցին զօրակցած են նաեւ թուրքեր։

Մօտաւորապէս 40 ցուցարարներ Ատրպէյճանի դրօշակներ բարձրացուցած են եւ կրած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է. «Ղարաբաղը մե՛րն է, մերը պիտի ըլլայ», «Կա՛մ Ղարաբաղ, կա՛մ մահ»։ Անոնք նաեւ ունեցած են արտայայտութիւններ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ։

Ուաշինկթըն բնակող լրագրող Զաուր Պայրամլը յայտարարած է. «Հայերու կողմէ գործուած յարձակումներուն հետեւանքով, 14 ատրպէյճանցի զինուորներ նահատակուեցան։ Այս օրերուն Սոչիի մէջ պիտի մէկտեղուին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները, եւ այդ պատճառով ալ ուզեցինք ցոյց տալ մեր հակազդեցութիւնը»։

Պայրամլը գոհունակութիւն յայտնած է, որ իրենց թուրք ընկերները զիրենք առանձին չեն ձգած։ Ցոյցը տեւած է մօտաւորապէս երկու ժամ։

 


comments

Advertisement