Կիւլ պիտի վերադառնայ իշխող կուսակցութեան շարքերը

By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014

 

ՊՈԼԻՍ, »Մարմարա«.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին նախագահ ընտրուիլը արդէն մեծ աշխուժութիւն ստեղծած է Անգարայի քաղաքական շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իշխող կուսակցութեան վարչական շարքերէն ներս։


Այժմ գլխաւոր երկու հարցերն են, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահը եւ ո՞վ պիտի ըլլայ նոր վարչապետը։
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարեց, որ պիտի վերադառնայ իշխող կուսակցութեան շարքերը, տակնուվրայ ընելով ներքին քաղաքականութեան օրակարգը եւ հարցումներ ստեղծելով հանրային կարծիքին մօտ։

Կիւլի պաշտօնավարութիւնը պիտի աւարտի Օգոստոս 28ին։ Ան նախագահական ընտրութենէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպում մը պիտի ունենար Օգոստոս 15ին, սակայն անակնկալ կերպով փութացուց այս հանդիպումը եւ շեշտեց, որ Օգոստոս 28էն ետք պիտի վերադառնայ այն կուսակցութեան շարքերը, որուն հիմնադիրներէն մէկը եղած է։

Կիւլի այս կանխահաս յայտարարութիւնը յառաջացուց այն պնդումները, թէ Կիւլ կ՛ուզէ կուսակցապետ եւ վարչապետ նշանակուիլ։ Առաջինը անհաւանական չէ, բայց երկրորդը, ինչպէս կը յիշեցնեն քաղաքական շրջանակները, կարելի չէ, որովհետեւ վարչապետ նշանակուելու համար Կիւլ պէտք է երեսփոխան եղած ըլլայ, որուն համար ան պէտք է սպասէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։


comments

Advertisement