By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014
ԹԵՀՐԱՆ, »Ա.Էֆ.Փէ.«.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 12ին, Իրանի իշխանութիւնները եւս ողջունեցին Իրաքի խորհրդարանի փոխնախագահ Հայտար Ապատին վարչապետի պաշտօնին թեկածու նշանակելու քայլը, հարուած մը հասցնելով իր պաշտօնին կառչած ներկայ վարչապետ Նուրի Մալիքիին։
Իրան մինչեւ վերջերս նեցուկ կը կանգնէր Մալիքիին, սակայն իսլամ ծայրայեղականներուն յառաջխաղացքին ընթացքին իրաքեան ուժերու դասալքումը եւ քաղաքական միացեալ ուժ մը գոյացնելու անկարողութիւնը սկսած են մեկուսացնելու Մալիքին։
Մալիքիի նախկին ջատագով Միացեալ Նահանգները եւս աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Ապատիին, որպէսզի կարելի ըլլայ սիւննիներու եւ քիւրտերու համախոհութեամբ կառավարութիւն մը մէջտեղ բերել։
Ապատի, որ շիի է, մէկ օր առաջ վարչապետ նշանակուած էր Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մասումի կողմէ։ Մալիքի դատապարտած է այդ քայլը, պնդելով, թէ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներուն համաձայն, ինք պէտք է մնայ վարչապետի պաշտօնին վրայ։
Ապատի, որ Մալիքիի կուսակից մըն է, մէկ ամիս ունի կառավարութիւն մը կազմելու համար։
Միւս կողմէ, »Մայատին« կը հաղորդէ, որ ամերիկեան օդուժը Երեքշաբթի օր Մուսուլի հիւսիսը գտնուող Ուսքուֆ գիւղը հարուածելով՝ իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն մէջ առնուազն 15 զոհ պատճառած է:
Նոյն օրը, ՄԱԿի աղբիւրները հաստատեցին, թէ Սինճարի լեռնային շրջաններուն մէջ շրջափակուած հազարաւոր եզիտիներ սկսած են աւելի ապահով վայրեր փոխադրուելու։ Սուրիոյ քիւրտերը եւս կը նպաստեն եզիտիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն, իսկ ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերը մարդասիրական օժանդակութիւն կը հասցնեն Սուրիոյ սահմաններուն մօտակայ շրջանի մը մէջ շրջափակուած եզիտիներուն։
Իրաքի մարդկային իրաւանց հարցերու նախարար Մուհամմատ Սուտանի յայտնած է, որ Իրաքի մէջ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն զոհ դարձած են առնուազն 500 եզիտիներ:
Նաեւ, հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի միջազգային զինուորական օգնութիւն խնդրած է՝ իսլամական զինեալներուն դէմ աւելի ազդու կերպով պայքարելու համար:
Նախապէս քրտական ուժերը յայտարարած էին, որ թէժ կռիւներէ ետք վերագրաւած են Քուեր եւ Մահմուր քաղաքները:
Ըստ քիւրտերու մէկ ներկայացուցիչին, այդ յաջողութեան նպաստած են ամերիկեան օդուժի հարուածները:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն նաեւ սկսած է քիւրտերը զինելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ