Սողանքային աղէտի կառավարման ծրագիրին համար Ճափոն աւելի քան մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ

By Asbarez | Wednesday, 13 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը (JICA) աւելի քան մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Հայաստանի Հանրապետութիւնում սողանքային աղէտի կառավարում» եռամեայ ծրագիրի գործադրութեան համար։ Գործակալութեան Իւզպեքիստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Իիտա Ճիրօ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանի հետ համապատասխան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք:


«Սողանքներու կանխարգելումը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար: Հոս սողանքներու հետ կապուած շատ բնական աղէտներ տեղի կ՛ունենան, այդ պատճառով մենք որոշեցինք օգնութիւն ցուցաբերել», յայտարարած է Ճիրօ:


«Հայաստանի տարածքի 4,1 տոկոսը սողանքի վտանգի տակ է, եւ այն աշխատանքը, որը մենք սկսում ենք, շատ կարեւոր է երկրի համար», նշած է նախարար Արմէն Երիցեան:

Եռամեայ ծրագիրի ծիրին մէջ նախատեսուած է ուսումնասիրել Հայաստանի սողանքավտանգ տեղամասերը եւ թարմացնել սողանքներու վերաբերեալ առկայ տեղեկատուական խարիսխը: Պիտի կազմուի Հայաստանի մէջ սողանքային աղէտի համապարփակ կառավարման ծրագիր, կը նախատեսուի բարելաւել նախաձեռնութիւններու համար անհրաժեշտ իրաւական կանոնակարգիրը, բարելաւել դիտարկումի, կանխարգելիչ, անյետաձգելի եւ երկարաժամկէտ հետեւողական ծրագիրները։


comments

Advertisement