Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանի նախագահին «յանցագործ» կոչած է

By Asbarez | Wednesday, 13 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը մօտիկ ապագային հաշիւ պիտի տայ Ատրպէյճանի ժողովուրդի եւ միջազգային արդար դատարանին առջեւ՝ իր արիւնահեղ արարքներուն համար»:


«Ինտերֆաքս-Ատրպէյճան»ի համաձայն՝ այս յայտարարութիւնը տեղադրուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ:

«Այդ յանցագործը, որուն ձեռքերը կարմրած են անմեղ մարդոց արեամբ՝ Խոճալուի, Լեռնային Ղարաբաղի այլ գիւղերու ու բնակավայրերու մէջ, որոնց կարգին նաեւ անոր մերձակայ եօթը շրջաններուն մէջ կատարած յանցագործութիւններուն իբրեւ հետեւանք, մօտիկ ապագային անպայման հաշիւ պիտի տայ ատրպէյճանցի ժողովուրդին եւ միջազգային արդար դատարանին առջեւ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի պալիսթիք հրթիռներուն, որոնց մասին կը խօսէր Սերժ Սարգսեանը, ապա մենք կտրականապէս կը յայտարարենք, որ Հայաստանի զինուած ուժերու տնօրինութեան տակ եղած այդ ռազմական համակարգը բացարձակապէս անհամեմատելի է այն ժամանակակից սպառազինութեան ու սարքերուն հետ, զորս այսօր ունի Ատրպէյճան: Հայկական բանակին մէջ խորհրդային ժամանակներէն մնացած անսարք, ժամկէտանց եւ հինցած զէնքերը, որոնց մէջ հեղուկ վառելիքով աշխատող «Սքադ» տեսակի հրթիռները, ոչ միայն ի զօրու չեն սարք մը ոչնչացնելու, այլ նաեւ առհասարակ չեն կրնար թռչիլ», նշուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Եթէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկէ Ատրպէյճանի դէմ, ատրպէյճանական բանակը՝ յագեցած նորագոյն, ժամանակակից եւ գերճշգրիտ սպառազինութեամբ, պիտի ոչնչացնէ որեւէ ռազմական ենթակառուցուածք եւ ռազմավարական սարք Հայաստանի տարածքին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

comments