Ասորիներու Եւ Հայերու Միացեալ Ցոյցը ՄԱԿի Շէնքին Առջեւ

By Asbarez | Wednesday, 13 August 2014

 

 

ՄԱԿ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն գործիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են ասորիներու եւ քաղդէացիներու ՄԱԿի կեդրոնատեղիին առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին, դատապարտելու համար Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց վրայ իսլամ ծայրայեղականներու յարձակումները։
Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Արմէն Սահակեանը: Ան այսօրուան իրադարձութիւնները կապած է 1915-1923 տարիներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն տեղի ունեցած ցեղասպանական արշաւին, որուն զոհ գացած են աւելի քան 3 միլիոն քրիստոնեաներ։

 

comments

Advertisement