Ընդդիմադիր կուսակցութեանց ընդվզումը՝ Թուրքիոյ նախագահի ընտրութիւններուն իրենց կրած պարտութենէն ետք

By Asbarez | Thursday, 14 August 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահի ընտրութիւններուն արդիւնքը տակնուվրայ ըրած է գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան շարքերը։ Այդ եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց միացեալ թեկնածու Էքմելետտին Իհսանօղլու այլ կուսակցութիւններու զօրակցութիւնն ալ ապահոված էր, սակայն հակառակ այս լայն զանգուածին, չկրցաւ Էրտողանէն աւելի շատ քուէ ստանալ։ Այժմ ընդդիմադիրները դժգոհութիւն կը յայտնեն Էրտողանի տարած յաղթանակէն, աւելի ճիշդ՝ իրենց կրած պարտութենէն։


Հանրապետականներու փոխնախագահ Մուհարրեմ Ինճէ ծանր քննադատութիւն ուղղած է իր կուսակցութեան՝ դիտել տալով, որ ընտրութեան արդիւնքը մեծ պարտութիւն մըն էր, եւ անուղակիօրէն քննադատած է կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն, որ «որոշ յաջողութիւն» նկատած էր արդիւնքը։ «Հիմա պարտութիւնը արդարացնելու ժամանակը չէ, այլ դարմանումի միջոցներ գտնելու ժամանակն է», ըսած է Ինճէ։
Իր կարգին, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի, քննադատած է հանրապետական այն երեսփոխանները, որոնք Քըլըճտարօղլուն հրաժարելու հրաւիրած են։


comments

Advertisement