Ուաշինկթըն եւ Անգարա պիտի համագործակցին Սուրիոյ եւ Իրաքի օգնութիւն յատկացնելու հարցով

By Asbarez | Thursday, 14 August 2014

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Օգոստոս 12ին կայացած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ եւ Իրաքի բնակչութեանց մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնելու հարցին մէջ համագործակցելու:


Սպիտակ տունը յայտնած է, որ Օպամա հեռաձայնած է Էրտողանին՝ «նախագահ ընտրուելուն առիթով զայն շնորհաւորելու համար»:

«Նախագահը եւ վարչապետը շեշտած են երկու երկիրներու համագործակցութեան կարելիութիւնը՝ ահաբեկչական սպառնալիքին դիմադրելու հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ եւս յայտարարած է, թէ Փարիզ Իրաքի քիւրտերուն զէնք պիտի մատակարարէ, որպէսզի անոնք դիմակայեն իսլամ ծայրայեղականներուն:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն հիւսիսային Իրաքի մէջ պաշարուած քաղաքայիններուն անմիջական տեղափոխման ընտրանքը կը սերտէ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ այս շաբաթ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջան ուղարկած է 130 յաւելեալ զինուորական խորհրդատուներ:

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովը եւս կոչ ուղղեց Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ու եզիտիներուն օժանդակելու նպատակով «ուժի կիրառման»:
Խորհրդաժողովին բանբեր Պեռնար Պոտուէն դրական պատասխան տուաւ այն հարցումին, թէ նշեալ փոքրամասնութիւնները ցեղասպանութեա՞ն կ՛ենթարկուի՛ն, եւ նշեց, թէ Եւրոպական Միութեան ցարդ առած քայլերը «բաւարար չեն»:

ՄԱԿի մօտ Վատիկանի դէտ Սիլվանօ Թոմասի եպիսկոպոսը իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ մարդասիրական աղէտին վերջ տալու համար՝ «ահաբեկիչներուն դէմ զինուորական միջամտութիւն մը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ»:

 


comments