Մոսկուայի քաղաքային դատարանը գործարար Լեւոն Հայրապետեանը պահած է կալանքի տակ

By Asbarez | Friday, 15 August 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոս-կուայի քաղաքային դատարանը որոշած է կալանքի տակ պահել գործարար Լեւոն Հայրապետեանը, որ կը մեղադրուի վատնման եւ անօրինական միջոցներով ձեռք բերուած դրամական միջոցներու լուացման յանցանքով: «Բասմանեան դատարանի որոշումը՝ կալանաւորումը որպէս Լեւոն Հայրապետեանի խափանման միջոց ընտրելու մասին, ձգած է առանց փոփոխութեան, պաշտպանութեան վերաքննիչ գանգատը՝ առանց բաւարարման», նշուած է Մոսկուայի քաղաքային դատարանի որոշման մէջ:

Նիստէն ետք Հայրապետեանի փաստաբան Հենրի Ռեզնիկը դատարանի վճիռը նկատած է «աղաղակող»: «Նա մեղադրւում է մի յօդուածով, ըստ որի՝ չի կարելի կալանքի տակ վերցնել (Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրք 174.1), ուստի դա աղաղակող խախտում է: Ես կարող եմ քննչական մեկուսարանում նրա գտնուելը բացատրել սոսկ այն բանով, որ ստացուել է ինչ որ հզօր պատուէր», ըսած է ան՝ ըստ «Իթար-թասս»ի:

Դատական նոյն նիստին ընթացքին յայտարարուած է, որ հետաքննութիւնը ունի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն Լեւոն Հայրապետեանի մասնակցութիւնը դրամական միջոցներու վատնաման եւ լուացման: «Հայրապետեանի մօտ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին գրաւուած են փաստաթուղթեր, որոնք անմիջականօրէն կը վկայեն, թէ ան մասնակցած է յանցագործութեան», նշած է փաստաբանը: Թէ յատկապէս ինչ փաստաթուղթերու մասին է խօսքը, քննիչը չէ յայտնած:

Հետաքննութեան ներկայացուցիչը խնդրած է մերժել մեղադրեալին համար պատիժի աւելի մեղմ միջոց ընտրելու պաշտպաններու պահանջներու բաւարարումը: Անոր համաձայն՝ Հայրապետեան ունի մեծ չափով նիւթական, կապեր, անշարժ գոյք արտասահմանի մէջ, ուստի կրնայ օգտուիլ այդ բոլորէն եւ պահուըտի, ճնշում գործադրէ գործի միւս մասնակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ այլ եղանակով խանգարէ հետաքննութեան ընթացքը:

 


comments