Իսլամ ծայրայեղականներու դէմ պայքարին մէջ Բրիտանիա պատրաստ է Իրանի հետ գործակցելու

By Asbarez | Monday, 18 August 2014

 

Քիւրտ զինեալներ՝ Մուսուլի մօտերը

ԼՈՆՏՈՆ, ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն բրիտանական «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ չբացառեց իսլամ ծայրայեղականներու դէմ պայքարին ընթացքին Իրանի հետ գործակցութիւնը: Ան զգուշացուց, որ ծայրայեղականները կրնան Բրիտանիան թիրախ դարձնել, եթէ անոնց յառաջխաղացքը չկասեցուի:

Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի քիւրտ զինեալները՝ փեշմերկաները, Օգոստոս 17ին յաջողեցան ամերիկեան օդուժի օժանդակութեամբ յառաջանալ ու գրաւել Մուսուլի ամբարտակի արեւելեան մասը: Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ փեշմերկաները ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առին Մուսուլի ամբարտակը՝ սպաննելով բազմաթիւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներ, ներառեալ՝ կազմակերպութեան ղեկավարի օգնական Ապու Անաս Ժուլանին: Փեշմերկաները նաեւ գրաւեցին Մուսուլի հիւսիսը եւ Մուսուլի ամբարտակին հիւսիսը գտնուող շարք մը գիւղեր:

Մինչ այդ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի Գերմանիոյ կառավարութենէն խնդրեց զէնք մատակարարել իր ուժերուն: «Մենք հզօր զէնքերու կը սպասենք ոչ միայն Միացեալ Նահանգներէն, այլ նաեւ մեր այլ դաշնակիցներէն ու բարեկամներէն, ներառեալ՝ Գերմանիայէն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ պատմական շրջադարձ մը կը դիմագրաւենք, եւ ան, որ կ՛ուզէ Եւրոպան ահաբեկչութենէն պաշտպանել, պէտք է հիմա սկսի Քիւրտիստանի շրջանը պաշտպանելու եւ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ կռիւին օժանդակելու։ Միջազգային ընտանիքէն զինուորներ չենք ուզեր, այլ միայն՝ զէնքեր», ըսաւ Պարզանի:

Նշենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուած էր թիւ 2170 որոշումը, որ կը դատապարտէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներուն ահաբեկչական յարձակումները ու զանգուածային սպանդները եւ կը սպառնայ պատժամիջոցներ որդեգրել այն երկիրներուն դէմ, որոնք այդ ծայրայեղականներուն կ՛օժանդակեն։

Իր կարգին, Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու ղեկավար Մուրատ Քարաեըլան ազդարարութիւն մը ուղղած է իսլամ ծայրայեղականներուն՝ պահանջելով, որ վերջ տան քիւրտ ժողովուրդին դէմ ոտնձգութիւններուն։ «Քիւրտ ժողովուրդը առանձին չէ։ Եթէ այս յարձակումները շարունակուին, պիտի գործադրենք այնպիսի՛ միջոցառումներ, զորս մինչեւ այսօր չենք գործած, եւ այն ատեն պիտի կը զղջաք։ Ժամ առաջ վերջ տուէք վայրագութեանց», սպառնացած է ան։

 


comments

Advertisement