«Պիտի փորձեմ միշտ առաւելագոյնս տալ Տորթմունտին». Հենրիխ Մխիթարեան

By Asbarez | Monday, 18 August 2014

 

 

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի՝ Պայերն Միւնիխ-Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը, որ աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի 25 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ֆութպոլի դաշտին վրայ միշտ կը փորձեմ տալ առաւելագոյնս: Ասիկա ոչ միայն ակումբիս համար կարեւոր է, այլեւ՝ ինծի համար ալ: Կը փափաքիմ որքան կարելի է միշտ մեծ օգտակարութիւն ունենալ ակումբիս»:

 


comments

Advertisement