Պապը Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագ պիտի մատուցէ

By Asbarez | Monday, 18 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի Ֆրանսիս պապը 2015ի Ապրիլ 12ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ. այս մասին հաղորդած է Արժանթինի «Փրեսնա-Արմէնիա» կայքը, որ կ՛աւելցնէ, թէ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Մարիօ Փոլին, Օգոստոս 17ին, Պուէնոս Այրեսի հայ կաթողիկէ Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ մէջ կայացած պատարագի մը ընթացքին:

«Հռոմի պապը դրական պատասխան տուած եւ ընդառաջած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագ մատուցելու՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի կողմէ ուղարկուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրին», յայտարարած է Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Փապլօ Հաքիմեան:

Անցեալ տարուան Յունիսին, Ներսէս Պետրոս պատրիարքին հետ հանդիպման ընթացքին, պապը ընդունած էր նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը դուստրը: Պապը, լսելէ ետք անոր վկայութիւնը՝ ըսած էր. «Այդ մէկը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:

 


comments