Վատիկան Ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթեր պիտի հրապարակէ Փետրուարին

By Asbarez | Monday, 18 August 2014

ՎԱՏԻԿԱՆ.- «Վաթիքըն Ինսայտըր» Օգոստոս 15ի իր թիւին մէջ հաղորդած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ պիտի հրատարակուին գիրքի մը մէջ: Այս լուրը հրապարակուած է «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսի ներկայացման ընթացքին. վերջինս աշխարհի ամէնէն հին արխիւներէն մէկուն գանձերը պիտի ցուցադրէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ գործուած «աննախադէպ եւ ցնցիչ ցեղասպանութեան» մասին: Փաստաթուղթերը մօտ օրէն պիտի հրապարակուին Վատիկանի արխիւներու բաժանմունքին կողմէ խմբագրուած գիրքի մը մէջ: Յառաջիկայ Փետրուարին նախատեսուած «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին աշխարհի ամէնէն հին եւ համապարփակ արխիւներէն մէկուն գանձերը:

Գաղտնի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ եպս. Փականօ յայտնեց, որ վկայութիւնները «մանրամասն» կերպով կը ներկայացնեն «հայերուն դէմ թուրքերուն ի գործ դրած չարչարանքները»: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ օսմանցի զինուորները գրաւ կը դնէին «յղի կիներու արգանդին մէջ եղած մանուկներու սեռին վրայ՝ նախքան արգանդը բանալն ու նոյն դանակով մանուկները սպաննելը»: Ան կը նշէ, որ այդ դրուագները «զիս՝ մարդ ըլլալուս համար, ամօթով կը ձգեն, եւ եթէ հաւատքը չըլլար, միայն խաւար պիտի տեսնէի»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ այդ փաստաթուղթերուն հրապարակումը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը պիտի սրէ։


comments

Advertisement