By Asbarez | Tuesday, 19 August 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Երեքշաբթի, Օգոստոս 19ին յայտարարեց, որ Վրաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա միացեալ ռազմափորձեր կը ծրագրուին։
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք, որ առաջին անգամ ըլլալող կայացած էր Նախիջեւանի մէջ:
Նախարարները քննարկած են ռազմական, ինչպէս նաեւ քարիւղատարներու եւ կազատարներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։
Հասանով Նախիջեւանի մէջ մէկ օր առաջ ընդունած էր Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան՝ կարծիքներ փոխանակելով շրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
Եռակողմանի հանդիպման մասնակցելու նպատակով, աւելի ուշ Նախիջեւան ժամանած էր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ