By Asbarez | Wednesday, 20 August 2014
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրահանգեց վերսկսիլ հարուածները Կազայի դէմ, հակադարձելու համար Երեքշաբթի, Օգոստոս 19ին անկէ արձակուած երեք հրթիռներուն։
Իսրայէլեան կառավարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ «Համաս»ի կողմէ զինադադարի խախտումին իբրեւ պատասխան, վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը հրահանգած են վերսկսիլ հարուածներուն՝ Կազայի «ահաբեկչական թիրախներուն» ուղղութեամբ:
Չորեքշաբթի օրուան տուեալներով՝ «ահաբեկչական թիրախներուն» վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով, սպաննուած են առնուազն 20 պաղեստինցիներ, ներառեալ՝ ինը երեխաներ եւ երեք կիներ, որոնցմէ մէկը յղի էր։ Վիրաւորուած են աւելի քան 120 ուրիշներ։
Ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ գործուած օդային հարուածներուն, պաղեստինեան դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրեր:
Օգոստոս 19ի կանուխ ժամերուն, Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած էին զինադադարը միայն յաւելեալ 24 ժամով երկարաձգել:
Օգոստոս 11էն սկսեալ, Եգիպտոսի մէջ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան պատուիրակութեանց միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուէին՝ Կազայի մէջ երկարատեւ զինադադար հաստատելու համար:
Ըստ պաղեստինեան պատուիրակութեան, բանակցութիւնները ձախողած են, որովհետեւ Իսրայէլ մերժած է Կազայի շրջափա-կումը առնուազն մասնակիօրէն վերցնել։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ