Մարատոնան Հայաստան պիտի այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 20 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յաջորդ տարի նախատեսուած է Երեւանի մէջ կայացնել ֆութպոլի մեծ հանդիպում Խորհրդային Միութեան հաւաքականին եւ աշխարհի ֆութպոլի առասպելային խաղացողներուն միջեւ: Այս առիթով բանակցութիւններ կը կատարուին Տիէկօ Մարատոնայի հետ, որ նախնական համաձայնութիւն տուած է Հայաստան մեկնելու։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է «Ֆուտբոլ +» թերթը:


Հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ հայկական ֆութպոլի առասպել Խորէն Յովհաննիսեանին: Այդ առնչութեամբ «Ռոսիա 2» պատկերասփիւռի ալիքը Յովհաննիսեանին նուիրուած ժապաւէն պիտի պատրաստէ եւ ցուցադրէ ֆութպոլային հանդիպումէն առաջ։


comments

Advertisement