Թուրքերը կը տօնեն Անիի գրաւման տարեդարձը

By Asbarez | Thursday, 21 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- «Սիվիլնեթ» կը գրէ, որ Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի մէջ վերջերս նշուած է թուրքերու Կարսէն Անատոլու ներխուժելու 950ամեակը: Ձեռնարկի գործադրման աջակցած են Կարսի նահանգապետարանը, քաղաքապետարանը, «Կովկաս» հիմնարկը եւ թրքական շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ: Ձեռնարկի կազմակերպման գործին մէջ մեծ եղած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դերը:


Թրքական «Թուրնուսօլ» կայքը հեգնանքով կը գրէ, որ թուրքերը «այս անգամ ալ գրաւեցին հայ թագաւորներու մայրաքաղաք Անին»: Կայքը կը նշէ, որ հայոց Բագրատունեաց տոհմի թագաւորներու մայրաքաղաքին մէջ, ուր ամբարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան կարեւոր յուշարձաններ, տեղի ունեցած է տարօրինակ արարողութիւն մը: Ձեռնարկի մասնակիցները Անիի պարիսպներուն մօտ ծածանած են Թուրքիոյ դրօշը, որմէ ետք այն վայրին մէջ, ուր կը պնդեն, թէ Ալփասլան սուլթան ձիէն իջած ու ճօճած է թուրը, ներկայացում կատարած են ժողովրդային պարախումբեր: Ապա մասնակիցները շրջած են Անիի աւերակներուն մէջ, այցելած Մանուչէի մզկիթը, ապա՝ Մայր տաճարը:

Նահանգապետ Կիւնա Էօզտեմիր յայտարարած է, որ Անիի գրաւումը թրքական աշխարհին, ինչպէս նաեւ համաշխարհային պատմութեան տեսանկիւնէն կարեւոր եւ շրջադարձային նշանակութիւն ունի: «Անատոլուի գրաւումը Անիի գրաւումով սկսաւ, Անատոլուի մէջ քաղաքակրթութեան մուտքը սկսաւ Անիէն», ըսած է Էօզտեմիր:


comments

Advertisement