Հայաստան Իրաքի Եզիտիներուն օնելու համար 100 հազար Տոլար պիտի յատկացնէ

By Asbarez | Thursday, 21 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը Իրաքի եզիտիներուն օգնելու համար 100 հազար տոլար պիտի յատկացնէ: Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը: Ըստ անոր՝ գումարը պիտի փոխանցուի Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿի Գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին միջոցով:


Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան 21 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ Հայաստանի անձնագիրի ստացումը դիւրացնելու կարգը նաեւ ի զօրու պիտի ըլլայ Իրաքի հայերուն համար։

Ան նշած է, որ եթէ նախապէս հայկական անձնագիրը Հայաստանէն դուրս (դիւանագիտական առաքելութիւն կատարող կեդրոններուն մէջ) կրնային ստանալ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերը, որոնք արդէն դիմում ներկայացուցած են մինչեւ 1 Սեպտեմբեր 2014, ներկայիս ժամկէտը երկարաձգուած է եւ ներառած նաեւ իրաքահայերը։


comments

Advertisement