Սարգսեանն ու Ղարիպաշվիլին քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը

By Asbarez | Friday, 22 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին եւ անոր ընկերացող վրացական պատուիրակութիւնը 22 Օգոստոսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ, որ դիտել տուած է, թէ հայ-վրացական յարաբերութիւնները պատմականօրէն բարձրագոյն մակարդակին վրայ են: Վրաստանի վարչապետն ու Հայաստանի նախագահը պայմանաւորուած են արագացնել «Բարեկամութեան կամուրջ»ի շինարարութիւնը հայ վրացական սահմանին երկայնքին՝ Բագրատաշէն-Սադախլօ անցակէտին վրայ, երկու կառավարութիւններու ֆինանսաւորմամբ:


Կողմերը բարիդրացիական յարաբերութիւններու քաղաքականութեան հետագայ ամրապնդման յոյս յայտնած են։

Նոյն օրը կայացած է նաեւ հանդիպում խորհրդարանի խօսնակ Գալուստ Սահակեանի հետ. քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը խորացնելու վերաբերող հարցեր:

Ի. Ղարիպաշվիլին յայտնած է. «Մեր երկիրները շատ ընդհանրութիւններ ունին: Հայաստանը եւ Վրաստանը հարիւրամեակներու ընթացքին դժուար ճամբայ անցած են, եւ մենք ապացուցեցինք, որ ոչ միայն հարեւաններ ենք, այլ նաեւ բարեկամներ: Իմ այցելութիւնս ատոր վկայութիւնն է, ես պատրաստ եմ խորացնելու մեր յարաբերութիւնները»։

Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդիրին՝ շեշտելով, թէ Հայաստանը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան, կայունութեան, վստահութեան մթնոլորտի հաստատմամբ եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ուղղուած նոր պայմաններու ստեղծմամբ:

21 Օգոստոսի երեկոյեան Վրաստանի վարչապետին ի պատիւ կազմակերպուած է պաշտօնական ճաշկերոյթ, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ Ղարիպաշվիլին այցելած է Երեւանի քոնեաքի գործարան:

Դատելով պաշտօնական հանդիպումներուն մասին լրատուութենէն՝ հայ-վրացական բանակցութիւններու օրակարգէն դուրս մնացած են վրացահայութեան խնդիրները:
Ազգային ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան պատգամաւոր, ջաւախքահայ Շիրակ Թորոսեան՝ պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ պաշտօնական Երեւան այս առնչութեամբ ըսելիք չէ՞ ունեցած, ան յայտնած է, որ «արտառոց բան տեղի չի ունեցել»:

«Վրաստանի նախկին կառավարութեան օրօք այդպիսի հարցերն իսկապէս հրատապ էին, բայց Վրաստանի նոր իշխանութիւնները, ովքեր եկան իշխանութեան նաեւ ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների պաշտպանութեան դրօշը պարզած եւ յստակ խոստումներով, բնականաբար, հարցն ուղղուեց երկրորդ պլան եւ իր հրատապութիւնը կորցրեց», նշած է Թորոսեան:

Պատգամաւորին համաձայն՝ Իվանիշվիլիի ու Ղարիպաշվիլիի կառավարութիւնները æաւախքի մէջ ճամբաներ կառուցեցին, տնտեսական կապը աշխուժացաւ, հայաստանցիները հիմա Բաւրայի վրայով ծով կ՛երթան։

Նոր իշխանութեան օրօք երկու տարիները յոյս տուած են տեղւոյն հայերուն, անոնք խոստումներ ստացած են, որ դպրոցներուն մէջ պիտի վերսկսին հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասընթացքները:

«Նախորդ իշխանութիւնները ոչ միայն բացառում էին աւելացնել դասաժամերը, այլ հէնց իրենք կրճատեցին դրանք», նշած է Թորոսեան:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի երեւանեան այցելութեան ընթացքին չեն քննարկուած նաեւ Վրաստանի կողմէ Սեպտեմբեր մէկէն սահմանուող վիզային դրութեան հարցը: «Բաւական մեծաթիւ հայ գործարարներ Վրաստանում բիզնես են դրել, հասկանալի է, որ նրանք պէտք է տարուայ մեծ մասը գտնուեն Վրաստանում, հետեւեն իրենց գործին, բիզնեսին արդիւնք ստանան: Սա յուզում է նաեւ Վրաստանի միւս հարեւաններին՝ Թուրքիային եւ Ադրբեջանին: Պէտք է Վրաստանը որոշակի տարբերակուած մօտեցում ցուցաբերի իր հարեւանների քաղաքացիների նկատմամբ, մասնաւորապէս, օրինակ՝ պարզուեցուած կարգով կացութեան կարգավիճակի տրամադրումը», դիտել տուած է ջաւախքահայ պատգամաւորը:

Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հաստատութեան ղեկավար Ստեօպա Սաֆարեան յիշեցուցած է, որ Վրաստանի վարչապետի պաշտօնական այցելութեան մեկնարկին յայտարարուած էր, թէ վիզային դրութեան հարցը ընդգրկուած է բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:

«Թերեւս մնում է ենթադրել, որ հարցը քննարկուել է եւ վրացական կողմը Երեւանին բացատրել է, որ կամ դա անհրաժեշտութիւն է, կամ դա անխուսափելի քայլ է, հետեւաբար դրա արդիւնքում այն վերանայելու որեւէ հնարաւորութիւն չկայ, հետեւաբար որպէսզի Երեւանն իրեն շատ վատ չզգայ ուղղակի յայտարարում է, որ այդպիսի հարց չի քննարկուել», «Ազատութեան» հետ զրոյցի ատեն յայտնած է Սաֆարեան:

«Թէեւ վիզային ռեժիմի սահմանումը պայմանաւորուած է Թբիլիսիի եւրաասոցացման հետ, այդուհանդերձ, եթէ Երեւանը չբռնէր Եւրասիական միութեան ճանապարհը, Վրաստանի իշխանութիւնները կարող էին եւ բացառութիւններ անել մեզ համար:

«Հաշուի առնելով, որ երկարաժամկէտ կտրուածքով ինքը եւ Հայաստանը յայտնուելու են միեւնոյն քաղաքակրթական տնտեսական տարածութեան մէջ, հետեւաբար Վրաստանի այս քայլը ապացուցում է նա, որ երկար ժամանակ կտրուածով նա Հայաստանին տեսնում է այլ տարածութեան մէջ», նշած է Սաֆարեան:

Ջաւախքահայութեան խնդիրներուն չանդրադառնալու երեւոյթին առնչութեամբ Ստեօպա Սաֆարեան նկատել տուած է, որ առհասարակ խեղճուկ եւ աղքատիկ եղած են հայ-վրացական կառավարական յանձնաժողովի օրակարգը:

 


comments

Advertisement