By Asbarez | Tuesday, 26 August 2014
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Օգոստոս 26ին, պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները Գահիրէի մէջ յայտարարեցին, թէ «բաց զինադադար» հաստատելու շուրջ համաձանութիւն գոյացած է:
Մինչ այդ, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի ծիրին մէջ, իսրայէլեան ռմբաձիգներ ռմբակոծեցին Ռաֆահի ցամաքային անցքի շրջանը՝ մեծ վնասներ պատճառելով:
Իսրայէլեան ռմբաձիգները նաեւ քանդեցին Զէյթուն թաղամասին մէջ գտնուող Ալի պըն Ապի Թալեպ մզկիթը ու 17 յարկանի բնակարանային շէնք մը։
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը հակադարձեց իսրայէլեան յարձակումներուն՝ հրթիռակոծելով Իսրայէլի խորքը: Հրթիռներ ինկան Երուսաղէմի, Տեմոնայի, «Պեն Կորիոն» օդակայանի եւ շարք մը բնակավայրերու վրայ:
Կազայի նորագոյն ճակատամարտին զոհ գացած են 2140 պաղեստինցի եւ 69 իսրայէլացի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ