«Ցեղասպանութեան ճանաչումը նաեւ Թուրք ժողովուրդի խնդիրն Է». Քանատայի խորհրդարանի անդամներ

By Asbarez | Tuesday, 26 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան գտնուող Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Պրեթ Պաթ, Լէոն Պենուա եւ Ռաս Հայպըրթ, նաեւ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան նախագահ Մեժիտ էլ Շաֆին 25-26 Օգոստոսին պաշտօնական այցելութիւններ տուին, ինչպէս նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին։

25 Օգոստոսին պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, որ բարձր գնահատեց քանատացի խորհրդարանականներուն ներդրումը՝ հայ-քանատական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման, միջպետական համագործակցութեան ամրապնդման իմաստով:

Քանատայի խորհրդարանի անդամները հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի եւ Քանատայի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման միտումով։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-քանատական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, միտքեր փոխանակուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:

26 Օգոստոսին Քանատայի խորհրդարանի անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ շատ կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Քանատայի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը: Ան հաստատեց, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան բարի աւանդոյթներ, եւ Հայաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ միջխորհրդարանական կապերու խորացման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝ Գալուստ Սահակեան նշեց, որ Հայաստան հետամուտ է խնդիրի միայն խաղաղ միջոցներով լուծելու եւ բարձր կը գնահատէ Քանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին անդրադառնալով՝ Սահակեան շեշտը դրաւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու դատապարտման կարեւորութեան վրայ՝ բարձր գնահատելով Քանատայի դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: Ան նաեւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց Ապրիլ 2015ին Հայաստան գալու եւ մասնակից դառնալու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն։

Քանատացի խորհրդարանականները շնորհակալութիւն յայտնեցին հրաւէրին համար եւ հաստատեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նաեւ Թուրքիոյ ժողովուրդին հարցն է։

Ազգային ժողովին մէջ Քանատայի խորհրդարանի անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Քանատա բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: Խումբի ղեկավար Յովհաննէս Սահակեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները բաւական ջերմ են։

Հիւրերուն խնդրանքով Յովհաննէս Սահակեան անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ ստորագրուած Հայ–թրքական արձանագրութիւններուն եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան՝ նշելով, որ Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերող անընդունելի նախապայմաններ դրած է: Անդրադարձ կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին՝ խումբին ղեկավարը կարեւոր նկատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։ Յ. Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ սահմանին վրայ կատարուող ոտնձգութիւններուն, ներթափանցման փորձերուն եւ զինադադարի մնայուն խախտումներուն։

Նոյն օրը, Քանատայի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Քանատացի խորհրդարանականները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Հիւրերը շրջագայեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։

 


comments

Advertisement