Յունաստան ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքի քուէարկութիւնը յետաձգեց

By Asbarez | Tuesday, 26 August 2014

ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքի մը քննարկումը շուրջ տարիէ մը ի վեր Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ է: Հրապարակային քննարկումներէ եւ լսումներէ ետք, որոշում կայացած էր այս շաբթուան սկիզբը քննարկման եւ քուէարկութեան բերել սոյն օրէնքը՝ խորհրդարանի ամառնային նստաշրջանի օրակարգերու ծիրէն ներս։ Այսուհանդերձ արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիուի որոշումով, օրակարգը Երկուշաբթի, Օգոստոս 25ին անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ:


Արտայայտուած են տարակարծութիւններ, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին խօսքի ազատութեան իրաւունքի սահմանափակման, եւ կարգ մը երեսփոխաններ իրենց հակառակութիւնը յայտնած են՝ յենուելով այս կէտին վրայ:

Անշուշտ, կարելի է հարց տալ, թէ երբ խօսքի ազատութիւնը ատելութիւն սերմանելով կ՛արտայայտուի, ի՞նչ ազատութեան մասին կարելի է խօսիլ: Տարբեր կէտերու հիմամբ, տարակարծիք գտնուած է նաեւ եկեղեցին:

Իրարու դէմ կարծիքներու առիթ տուած խնդրայարոյց օրինագիծին մէջ կը պահանջուի անդրադարձ կատարել Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած հայոց եւ յոյներու ցեղասպանութիւններուն, որոնք ընդունուած են հելլէն խորհրդարանին կողմէ: «Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէական յանցագործութիւն պէտք է նկատել, ինչպէս նախատեսուած է Հրէական Ողջակիզման հերքումի պարագային», կը պնդեն բանաձեւին ջատագովները:

Խորհրդարանի ամառնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ բերուած օրինագիծի նոր տարբերակ մը կը փնտռուի կառավարութեան կողմէ, մանաւանդ դիրքաւորումէն ետք Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան 38 երեսփոխաններու, որոնց միացան յաւելեալ 8 անկուսակցական երեսփոխաններ։ Անոնք յստակօրէն կը պահանջեն խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ներառումը յիշեալ օրինագիծին մէջ:

Նշենք, թէ նախորդող ամիսներուն, խորհրդարանէն ներս կայացած լսումներուն եւ քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը բերած էր ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագային քրէական յանցագործութեան դրոյթի կիրարկումը եւ պարզելով հայութեան դիրքորոշումը: Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր ճիգերը՝ շեշտելով նաեւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծ մը ընդունիլը ճիշդ եւ արդար քայլ պիտի ըլլայ հելլէն խորհրդարանին ու պետութեան կողմէ եւ Յունաստանը պիտի դասէ այդ երկիրներու շարքին, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի է:

Այս կապակցութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Յակոբ Աւագեան եւ Թալին Մարտիկեան անցեալ Ուրբաթ, Օգոստոս 22ին հանդիպում մը ունեցած էին «Սիրիզա» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ Փ. Քուրուփլիսի հետ՝ պարզելով հայութեան պահանջն ու դիրքորոշումները ցեղապաշտութեան դէմ օրինագիծին կապակցութեամբ:

Կառուցողական հանդիպումը արդիւնաբեր էր եւ Քուրուփլիս ջերմապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ շեշտուած կէտերը:

 


comments