«Իսլամական Պետութիւն»ը Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործած է. ՄԱԿ

By Asbarez | Wednesday, 27 August 2014

 

ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿը Չորերքշաբթի, Օգոստոս 27ին յայտարարեց, թէ իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կոչուող խմբաւորումը Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործած է, միաժամանակ նշելով, որ սուրիական վարչակարգի ուժերը անցեալ Ապրիլին ութ առիթներով «քլոր» կազ օգտագործած են։
ՄԱԿը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ բանտերու եւ արգելափակման ճամբարներու մէջ մահերու թիւի բարձրացման մասին մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը հասնին։
Կազմակերպութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Միջազգային կազմակերպութիւնը իսլամ ծայրայեղական զինեալները կ՛ամբաստանէ ամէն Ուրբաթ հրապարակաւ քաղաքայիններ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով։


comments