Իսրայէլեան բանակը պատրաստ վիճակի մէջ է բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 27 August 2014

 

 

ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Չորերքշաբթի, Օգոստոս 27ին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսլայէլեան բանակը պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է բռնագրաւեալ Կոլանի շրջանը, երբ Քնէյթրա քաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բախումները սաստկացած են։

Շրջանի հրեայ հողագործներուն հրամայուած է Սուրիոյ սահմանակից արտերէն հեռանալ. նաեւ, քաղաքայիններու վերապահուած բազմաթիւ հրապարակային վայրեր փակուած են։ Իսրայէլացի զինուոր մը վիրաւորուած է, երբ իր դիրքին մօտ ռումբ մը ինկած է։ Ցարդ յստակ չէ, թէ այդ ռումբի արձակումը դիտաւորեա՞լ էր, թէ անիկա ընթացող բախումներուն պատճառով սխալմամբ հոն ինկած է։

Իսրայէլեան բանակը հակադարձելով արձակուած ռումբերուն՝ ռմբակոծած է Սուրիոյ բանակին պատկանող դիրք մը։ Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2րդ կայանը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կը փորձէ գրաւել Քնէյթրայի մէջ սահմանային անցքը, որուն պատճառով ալ քաղաքին մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան։

«Ետիոթ Ահրոնոթ»ը նշեց, որ բախումներուն պատճառով՝ Կոլանի սահմանի իսրայէլեան կողմին վրայ հրդեհ ծագած է։

 


comments

Advertisement