By Asbarez | Thursday, 28 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը մեծ յաղթանակ որակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը Քալիֆորնիոյ մէջ հասած է բաւական դրական հանգրուանի: «Մինչ այդ նրանց օրէնսդիր միւս պալատն էր ճանաչել, այժմ էլ սենատն է ճանաչում Արցախի անկախութիւնը եւ փաստօրէն այս կերպ Կալիֆորնիայում ճանաչման գործընթացը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին: Իսկ Կալիֆորնիան հասարակ նահանգ չէ Միացեալ Նահանգներում: Եւ իր տնտեսական ներուժով, եւ բնակչութեամբ խոշորագոյն նահանգներից է եւ բացի այդ, աշխարհի 7 ամենամեծ տնտեսութիւն ունեցող նահանգների կազմում է: Կարելի է ասել, որ Կալիֆորնիան առանձին մի պետութիւն է, որը գնահատեց ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը, ազատութեան տենչն ու այն աշխատանքը, որ կատարւում է Արցախում եւ ճանաչեց մեր անկախութիւնը», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան։ Ան աւելցուցած է, որ անգամ մը եւս, Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացը, որ կ՛ընթանայ քաղաքակիրթ երկիրներու մօտեցումներուն եւ չափանիշներուն համահունչ, եղաւ արդիւնաւէտ: «Սա փաստում է, որ մենք ճիշդ ուղղութեամբ ենք շարժւում եւ յետագայում էլ պէտք է ունենանք յաջողութիւններ», ըսած է Դ. Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Ստեփանակերտ պիտի շարունակէ աշխատիլ ճանաչման ուղղութեամբ եւ ամէն ինչ պիտի ընէ ընդարձակելուճանաչման աշխարհագրութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ