
Ձախէն աջ՝ Հայկ Պաղտասարեան, Էլըն Ասատրեան, Քեւըն Տէ Լէոն, Նորա Յովսէփեան, Մայք Կաթօ, Ռիքարտօ Լարա եւ Թերեզա Երիմեան
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27ին, հետեւելով նահանգային խորհրդարանի օրինակին՝ պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը:
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը նաեւ որոշեց իր բանաձեւը յղել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին՝ դիմելով անոնց, որպէսզի անոնք եւս, իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ անոր ժողովրդավարական իղձերու իրականացման ջանքերուն։
Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Քեւըն Տէ Լէոն, ինչպէս նաեւ անոր պաշտօնակիցները՝ Թամ Պերիհիլ եւ Ռիքարտօ Լարա։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան դրուատեց Ծերակոյտի որոշումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս ծերակուտական Քեւըն Տէ Լէոնին եւ խորհրդարանական Մայք Կաթոյին, Ատրին Նազարեանին, Խաչօ Աշաճեանին (բանաձեւի համահեղինակ), Ճան Փերեզին ու Սքաթ Ուիլքին։
Բանաձեւը Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր խորհրդարանական Մայք Կաթոյի կողմէ, իսկ անոր վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ կարեւոր ջանք տարած էր խորհրդարանի նախորդ նախագահ Ճան Փերեզը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած էր նշեալ օրէնսդիրներուն հետ, առաջնորդութեամբ պետական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեանի ու օրէնսդրական հարցերու վարիչ Հայկ Պաղտասարեանի։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Մայիս 8ին վաւերացուցած էր նման բանաձեւ մը։
Ցարդ Մեսեչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն եւ Լուիզիանա նահանգները եւս Արցախի անկախութեան նեցուկ կանգնելու բանաձեւեր վաւերացուցած են։