By Asbarez | Friday, 29 August 2014
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին գործուղղեց Միջին Արեւելք, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարելու համար դաշինք մը յառաջացնելու նպատակով։
Օպամա յայտարարեց, որ շրջանի ղեկավարները պէտք է ընդունին, թէ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը բոլորին վտանգ կը ներկայացնէ։ Ան յայտնեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարելու համար ռազմական շարք մը ընտրանքները պատրաստել՝ նշելով, թէ իր ռազմավարութիւնը տակաւին զարգացման հանգրուանի մէջ է։
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ֆրանսա աշխատանք կը տանի յառաջիկայ շաբաթներուն Փարիզի մէջ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովին կարելի եղածին չափ մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովելու համար։ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի շրջանակները օրաթերթին յայտնած են, թէ խորհրդաժողովին նպատակը իսլամ ծայրայեղականներուն ներկայացուցած վտանգը մեղմացնելն է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ