Լաւրով-Զարիֆ հանդիպում

By Asbarez | Friday, 29 August 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ուրբաթ, Օգոստոս 29ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամմետ Զարիֆի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռուսիա եւ Իրան Միջին Արեւելքի հանդէպ իրարու մօտ կեցուածքներ ունին»։ Ան նաեւ ողջունեց Միջին Արեւելքի խնդիրները լուծելու համար Եգիպտոսի քայլերը։ Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է միայն խաղաղ միջոցներով լուծել՝ աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի հարցերը կարելի չէ լուծել՝ առանց Իրանի մասնակցութեան։ Ան նշեց, որ հարկ է Թեհրանի հիւլէական թղթածրարի հարցը լուծել՝ հիմնուելով հիւլէական ուժանիւթը խաղաղ նպատակներու համար եւ միջազգային հսկողութեամբ օգտագործելու Իրանի իրաւունքին վրայ։


comments

Advertisement