Նալբանդեան ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման մասնակցելու հրաւէրը յանձնած է Էրտողանին

By Asbarez | Friday, 29 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական սպասարկութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 29ին հաղորդեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Օգոստոս 28ին, Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան։


Արարողութենէն ետք, պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Նալբանդեան կարճատեւ զրոյց ունեցած է նախագահ Էրտողանի հետ, որուն յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը՝ Ապրիլ 24, 2015ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան։

 


comments