Մուշի Հայկական եկեղեցին փլուզման սեմին հասած Է

By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը նշէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնացող կիսաքանդ հայկական կոթողներէն մէկն է Մուշի Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին՝ ահազանգելով, որ անիկա քանդուելու վտանգին տակ կը գտնուի, Մուշի հայկական թաղամասին մէջ շինարարական աշխատանքներուն պատճառով։

Մուշի Ամրոց (Քալէ) թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ ճակատագիրը կապուած է քաղաքի վերակառուցման ծրագիրին եւ զայն քանդելու որոշում իսկ կրնայ տրուիլ։
Մուշի Ս. Աստուածածին եկեղեցին մինչեւ 1958 պետական սեփականութիւն համարուած էր, սակայն 1958ին սեփականաշնորհուած է եւ դարձած Սոյլեմեզ ընտանիքի սեփականութիւնը։

Առանց հայկական համայնքի մնացած եկեղեցին, տարիներ շարունակ անխնամ մնալով՝ մասամբ քանդուած է։ Գմբեթը ամբողջութեամբ քանդուած է, եւ մնացած են պատմական յուշարձանի չորս պատերը միայն։

Այն տարածքը, ուր կը գտնուէ եկեղեցին, Սեպտեմբեր 2012ին Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով յայտարարուած է քաղաքային վերակառուցման գօտի։ Այնտեղ կը նախատեսուի նոր շէնքեր կառուցել։ Շինարարական աշխատանքները սկսած էին անցեալ տարի։

Հակառակ լրատուամիջոցներուն մէջ բարձրացուած աղմուկին՝ հայկական թաղամասի շինարարութիւնը չէր դադրեցուած եւ հայկական հին տուները քանդուած էին։


comments

Advertisement