Ուքրանիոյ ճգնաժամը ռազմական լուծում չունի. Պան Քի Մուն

By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, դիմելով արեւմտեան երկիրներու ղեկավարութեան՝ ըսած է, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամը ռազմական լուծում չունի։ «Քաղաքական լուծման համար հարկաւոր է քաղաքական երկխօսութիւն. ատիկա աւելի ողջամիտ ճանապարհ է», յայտարարած է ան՝ աւելցնելով, որ մտահոգ է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, որոնք «կը զարգանան՝ վերածուելով քաոսային եւ վտանգաւոր իրավիճակի»։ «Ասիկա կրնայ ունենալ մինչեւ իսկ համաշխարհային հետեւանքներ։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ ես կը դիմեմ ուքրանական եւ ռուսական իշխանութիւններուն՝ առաջարկելով հարցը լուծել խաղաղ ճանապարհով՝ երկխօսութեան միջոցով», ըսած է ան։


Իր կարգին, Ուքրանիոյ վարչապետ Արսէնի Եացենիուք գրած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է լայնածաւալ պատերազմ հրահրել, որպէսզի վերականգնէ Խորհրդային Միութիւնը։

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Քրեմլին մեկնաբանած է Փութինի մէկ օր առաջ արտասանած այն արտայայտութիւնը, որ, եթէ փափաքի՝ երկու շաբաթէն կրնայ գրաւել Քիեւը։ Այս խօսքը բացայայտած էր Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօն, որուն հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Փութին։

Վերջինս այդպէս արտայայտուած է, երբ Պարոսօն հարց տուած էր, թէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զօրք հաստատուա՞ծ է։ Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ այդ արտայայտութիւնը դուրս բերուած է իր պարունակէն, միաժամանակ՝ քննադատելով Պարոսոյի վարմունքը՝ դիւանագիտութեան մարզի անգիր կանոններէն դուրս գործելուն համար։

comments