By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Սեպտեմբեր 1ին իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը իրականացուց՝ մեկնելով այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն, ուր խօսելով կիպրական հարցին մասին, ըսաւ, թէ Թուրքիան ու «թրքական Կիպրոս»ը իրենց «համբերութեան պտուղը տակաւին չեն կրցած քաղել»։ Էրտողան անգամ մը եւս քննադատեց յոյներու եւ Յունաստանի «յամառ» քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով տակաւին կարելի չէ եղած երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծում մը գտնել այդ տագնապին։
Էրտողան նաեւ սպառնաց՝ ըսելով, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ասիկա յաւիտեանս այսպէս պիտի շարունակուի։
Լրագրող մը հարցում մը ուղղած է Հէյպելիի յունական դպրեվանքի բացման մասին։ Էրտողան պատասխանած է, թէ դպրեվանքի բացումը այդքան ալ դժուար հարց մը չէ, կրնա՛յ բացուիլ, սակայն ատոր փոխարէն յունական կողմն ալ պէտք է զիջումներ ընէ թրքական կողմին։ «Յունական կողմը միայն առնելու մասին կը մտածէ, քիչ մըն ալ տալու մասին չի մտածեր», ըսած է Էրտողան։
Շատեր կ՛ակնկալէին, որ նորընտիր նախագահը իր առաջին այցելութեան համար ընտրէր Ատրպէյճանը, բայց Էրտողան ընտրեց բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսը, ուր արժանացաւ խանդավառ ընդունելութեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ