By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանական «Շփիկել» թերթը Օգոստոս 16ին մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր՝ հրապարակելով, որ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը 2009էն ի վեր գաղտնօրէն կ՛ունկնդրէ Թուրքիոյ ղեկավար դէմքերու խօսակցութիւնները։
Նոյն թերթը, անցած շաբաթավերջին, երկրորդ ռումբ մըն ալ պայթեցուց՝ նշելով, որ Ամերիկա եւս, Անգլիոյ գործակցութեամբ, գաղտնօրէն կ՛ունկնդրէ թուրք ղեկավարներու խօսակցութիւնները։ Այս հրապարակումը կատարուած է հիմնուելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոտընի կողմէ տրամադրուած փաստաթուղթերուն վրայ։ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը գաղտնալսումներու թիրախներէն մէկն է։
Իր «Երկկողմանի Խաղ» խորագրեալ լրատուութեան մէջ, թերթը դիտել կու տայ, որ Ամերիկա մէկ կողմէ ՆԱԹՕի շրջագիծով ու քիւրտ անջատողականներուն դէմ պայքարելու հարցով զօրակցած է Թուրքիոյ, իսկ միւս կողմէ՝ գաղտնօրէն ունկնդրած Թուրքիոյ կառավարութեան, բանակին, լրատու գործակալութիւններուն եւ ուժանիւթի ընկերութիւններուն խօսակցութիւնները՝ հիմնելով ունկնդրութեան գաղտնի կեդրոններ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ